պաքուն Սպառնալիք Կը Զգայ Հայկական Սփիւռքէն, եւ Կը Փորձէ Չէզոքացնել Այդ «Վտանգը»․ Անէթ Մոսքոֆեան

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Մեծ Բրիտանիոյ Լորտերու պալատին մէջ բարձրացուած է հարց ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղէն գերեվարուած 23 հայերու նկատմամբ դաժան վերաբերմունքին մասին։ Հարցին հեղինակը եղած է Վինչեսթըրի եպիսկոպոսը; Պատասխանելով հարցին՝ Աշխատաւորական կուսակցութեան անդամ, Տարլինկթընի պարոնուհի Ճէնի Չեփմանը ներկայացուցած է Արտաքին գործերու, համագործակցութեան եւ զարգացման նախարարութեան պատասխանը։

Եպիսկոպոսը հարցուցած է, թէ ինչ յայտարարութիւններով Մեծ Բրիտանիոյ իշխանութիւնները դիմած են ազրպէյճանի կառավարութեան, եւ ինչ քայլեր կը ձեռնարկուին միջազգային գործընկերներու հետ համակարգմամբ՝ ազրպէյճանի կողմէ իր միջազգային պարտաւորութիւններու կատարման ապահովման նպատակով։ Ի պատասխան՝ պարոնուհի Չեփմանը նշած է, որ Մեծ Բրիտանիան ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ըրած է ապահովելու, որպէսզի 2023 թուականի Սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու ժամանակ ձերբակալուած անձերը կանգնին արդար դատաքննութեան առջեւ եւ պահուին անվտանգ պայմաններու մէջ՝ համաձայն ազրպէյճանի ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններուն։

Թեմային վերաբերեալ Alpha News-ը զրուցած է Մեծ Բրիտանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Անէթ Մոսքոֆեանի հետ:

«ազրպէյճանը լաւ կ՝ըմբռնէ մեր լոպպինկը Սփիւռքի մէջ, համակարգուած կ՝արձագանգեն իրենց կառավարութեան ներկայացուցիչներուն միջոցով: Նման օրինակներ ունեցած ենք 2020թ. պատերազմէն ետք, երբ մեծ Բրիտանիոյ մէջ թուրքիոյ եւ ազրպէյճանի դեսպանները «կը հետանդէին» Բրիտանիոյ պատգամաւորները՝ նամակներ գրելով, հրաւիրելով հանդիպումներու: Այսինքն՝ պուլինկի նման էր ասիկա: Չափազանց լաւ կ՝աշխատին այս առումով: Անոնք Սփիւռքէն սպառնալիք կը տեսնեն ու կը փորձեն չէզոքացնել այդ վտանգն ու ուժը»,- ըսած է Անէթ Մոսքոֆեան:

Անոր խօսքով՝ ազրպէյճանը կը փորձէ լաւ image ստեղծել իր երկրին համար:

«ազրպէյճանը կը փորձէ պատրանք ստեղծել, թէ այնտեղ կայ կրօնական փոքրամասնութիւններու ազատութիւն: Կան բազմաթիւ միջազգային զեկոյցներ՝ ԱՄՆ-ի, ԵՄ-ի, այլ երկիրներու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ, որոնք կը քննարկեն որոշ կրօնական փոքրամասնութիւններու եւ կրօնական առաջնորդներու հալածանքները, ներառեալ՝ Արցախի ցեղական զտումները: ազրպէյճանը ասիկա կը հասկնայ ու համակարգուած կը փորձէ լաւ image ստեղծել իր երկրին համար»,-ըսած է Անէթ Մոսքոֆեան: