
Վկայակոչելով պաքուի Կողմէ Արցախցիներու Ցեղական Զտումները՝ ԱՄՆ Քոնկրեսականները Կոչ Ըրած են Դադրեցնելու Ռազմական Օգնութիւնը ազրպէյճանին
ԱՄՆ վաթսուն քոնկրեսականներ կոչ ըրած են պետքարտուղար Մարքօ Ռուպիոյին կիրառելու «Ազատութեան» աջակցութեան ակտի 907-րդ յօդուածը՝ պահանջելով անյապաղ դադրեցնել ԱՄՆ ռազմական օգնութիւնը ազրպէյճանին, նշելով պաքուի կողմէ Արցախի 120,000 բնիկ հայ քրիստոնեայ բնակչութեան ցեղական զտումները, ինքնիշխան հայկական տարածքներու շարունակական գրաւումը, ինչպէս նաեւ հայ գերիներու անօրինական կալանաւորումն ու բռնութիւնները։
Քոնկրեսականներ Մայք Լոլերը, Ֆրէնք Փալոնը, Կաս Պիլիրագիսը եւ Կէյպ Ամոն գլխաւորած են երկկուսակցական նամակը՝ ուղղուած պետքարտուղար Ռուպիոյին։
«Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբը կ՝ողջունէ այս երկկուսակցական կոչը ուղղուած պետքարտուղար Ռուպիոյին՝ կիրառելու 907-րդ յօդուածը եւ դադրեցնելու ԱՄՆ ռազմական օգնութիւնը ազրպէյճանին»,- յայտարարած է Հայ Դատի Ամերիկայի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան՝ աւելցնելով,- «ազրպէյճանի կողմէ Արցախի բնիկ հայ քրիստոնեաներուն ցեղասպանական ցեղական զտումներէն, ինքնիշխան հայկական տարածքներու շարունակական գրաւումէն եւ հայ պատանդներու անօրինական կալանաւորումէն ետք՝ չենք կրնար պահանջել, որ ԱՄՆ հարկատուները նպաստեն այս քարիւղով հարուստ եւ կոռումպացուած օտարերկրեայ բռնապետութիւնը։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք քոնկրեսականներ Լոլերին, Փալոնին, Պիլիրագիսին եւ Ամոյին, ինչպէս նաեւ անոնց միացած 60 քոնկրեսականներուն՝ իրենց բարոյական յստակ դիրքորոշման եւ խաղաղասիրական ուժեղ առաջնորդութեան համար»։
Վկայակոչելով ազրպէյճանի կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի 120,000 բնիկ հայ բնակչութեան ցեղական զտումը՝ օրէնսդիրները ընդգծած են,- «Իր գործողութիւններուն համար չկանգնելով որեւէ պատասխանատւութեան առաջ՝ ազրպէյճանը կը շարունակէ խաթարել արդար, կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան ապահովման ջանքերը տարածաշրջանին մէջ՝ Հայաստանի դէմ շարունակական յարձակումներով»։
Նամակը ստորագրողները կոչ ըրած են պետքարտուղար Ռուպիոյին չկիրառելու այն շրջանցման իրաւասութիւնը, որուն շնորհիւ ԱՄՆ յաջորդական վարչակազմերը շրջանցած են 907-րդ յօդուածը, եւ փոխարէնը պարտադրել օրէնքի լիարժէք կիրարկումը՝ ազրպէյճանը իր յանցագործութիւններուն համար պատասխանատւութեան ենթարկելու նպատակով։ 2001 թուականէն ի վեր ԱՄՆ բոլոր նախագահները օգտուած են շրջանցման դրոյթէն, մինչեւ 2024 թուականը, երբ նախագահ Պայտընը առաջին անգամ կիրառեց 907-րդ յօդուածը։
Օրէնսդիրները նշած են,- «ազրպէյճանի շարունակուող յարձակումներու, հայ ռազմագերիներու նկատմամբ իրականացուող բռնութիւններու, հայկական քրիստոնէական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու՝ իրենց տուները անվտանգ վերադառնալու իրաւունքի ժխտման խորապատկերին՝ ազրպէյճանի նկատմամբ պատասխանատւութեան բացակայութիւնը ոչ միայն պիտի բնականոնացնէ անոր գործողութիւնները, այլեւ պիտի խրախուսէ ԱՄՆ-ի մրցակիցները, որոնք կը ձգտին օգտուիլ Ուաշինկթընի անգործութենէն»։

Այս նամակը կը շարունակէ Քոնկրեսի մէջ ձեւաւորուած նախաձեռնութիւնը՝ կապուած 2023 թուականին Ծերակոյտին մէջ միաձայն ընդունուած «Հայերու պաշտպանութեան ակտ»-ի հետ, որուն համահեղինակներն էին այն ժամանակուան ծերակուտական, այժմ պետքարտուղար Ռուպիոն եւ ծերակուտական Կարի Փիթըրսը։ Օրէնքի ընդունումը ընդգծած է ԱՄՆ-ազրպէյճան ռազմական կապերուն վերաբերեալ աճող երկկուսակցական մտահոգութիւնը։
Հայ Դատի ԱՄՆ յանձնախումբը նախաձեռնած է համազգային արշաւ՝ աջակցելու այս գործընթացին, որուն ծիրէն ներս “ANCA Rapid Responder” համակարգի միջոցով Քոնկրեսին ուղղուած է աւելի քան 50,000 անհատական նամակ։ Վերջին շաբաթներուն ընթացքին “ANCA Rising Leaders” ծրագրի երիտասարդ աքթիւիստները միացած են Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի Ուաշինկթընի եւ տարածաշրջանային խումբերուն՝ այցելելով աւելի քան 400 քոնկրեսական գրասենեակ՝ այս նախաձեռնութեան աջակցութիւն ապահովելու համար։
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
28 Մարտ 2025թ․