
«44. Պարտութիւն. 2020-ի Արցախեան Պատերազմը` Իրողութիւններ Եւ Հետեւողութիւններ»․ Վահան Կ․ Մանճիկեան
Գիրքին առիւծի բաժինը կը հանդիսանայ Ժընեւի համալսարանի պատմութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու դասախօս Վիգէն Չըթըրեանի` «2020-ի Արցախեան պատերազմը եւ Հայաստանի պարտութիւնը» խորագիրը կրող վերլուծութիւնը: Ասոր հիմք կը կազմեն 2020-2023 թուականներու իրադարձութիւններու անմիջական մասնակիցներուն եւ/կամ փորձառութիւն ունեցած հայաստանցի եւ արցախցի 31 քաղաքական, ռազմական գործիչներու ու մասնագէտներու, որոնց կարգին` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ 35 հարցազրոյցները, որոնք հիմնականօրէն կատարուած են մայիս եւ հոկտեմբեր 2024-ին, Երեւանի մէջ եւ կեդրոնացած են 2020-ի պատերազմի մարտական գործողութիւններու հանգամանքներուն վրայ:
Ոմանք թերեւս անիմաստ նկատեն` արձանագրուած ծանր պարտութենէն ու հայութեան կրած ցնցիչ կորուստէն ետք վերադառնալը նախապատերազմական եւ պատերազմական փուլին, պրպտումներ կատարելը, հարցումներ ուղղելն ու պատասխանները վերլուծելը, բայց եւ այնպէս, ինչպէս հարցազրոյցները վարած եւ զանոնք քննարկումի նիւթ դարձուցած Չըթըրեան կը հաստատէ, իր զրուցակիցները շեշտած են. «Ես հիմա կը խօսիմ ձեզի հետ, որովհետեւ այդ աշխատանքն ու մտորումները կարեւոր են»: Ուրեմն, երբ տարբեր ձեւերով պատերազմին մէջ դերակատարութիւն ունեցածները կարեւոր կը նկատեն այդ աշխատանքը, սա կը նշանակէ, թէ ան իրապէ՛ս արժէքաւոր ու հիմնական դեր ունենալու կոչուած է:
Այս մասին Չըթըրեան կը շեշտէ, որ պատերազմը, պատճառներն ու ծալքերը սերտելը կարեւոր են, նոյնիսկ եթէ Հայաստանի քաղաքական դաշտը կը շարունակէ մնալ բեւեռացած եւ անտարբեր` այդ խնդիրներուն նկատմամբ:
Հարցումներուն եւ պատասխաններուն ճամբով լուսարձակի տակ կը բերուի, թէ Հայաստանի ղեկավարները որքանո՞վ տեղեակ եղած են ուժերու հաւասարակշռութեան փոփոխութեան, ինչպիսի՞ դասեր քաղած են այս պատերազմին նախորդած 2016-ի պատերազմէն` շեշտելով այն իրականութիւնը, որ պատերազմի շեմին հայոց մէջ գերակշռող էր համոզումը, թէ` «հայկական բանակը անպարտելի է», ինչ որ սխալ պատկերացում կրնայ ուրուագծել հետագայ իրադարձութիւններուն ընդառաջ:
Հեղինակը քննադատելի կը նկատէ քաղաքական գործիչներուն հակումը` ուրիշները մեղադրելու եւ սեփական պատասխանատուութիւնը շրջանցելու. կ՛աւելցնէ, որ ամբողջովին կը բացակայի ինքնաքննադատութեան կարեւոր բաժինը: Ըստ անոր, հայաստանեան ռազմական եւ քաղաքական որոշումներու կայացման գործընթացին մէջ չկայ բաւարար բազմակարծութիւն, ինչ որ մասամբ պայմանաւորուած է ղեկավար պաշտօններու մէջ կիներու բացակայութեամբ:
Վիգէն Չըթըրեան կը շեշտէ, որ 2020-ի արցախեան պատերազմի ընթացքին բազմազան են հայկական կողմի պարտութեան ծալքերն ու հանգամանքները, անոնք նոյնիսկ կապուած չեն միայն հայկական կողմին, այլ նաեւ` թշնամիներուն, անոնց դաշնակիցներուն, Հայաստանի դաշնակիցներուն, իսկ ամէնէն կարեւորը այս բոլորին մէջ` իւրաքանչիւրի շահերուն, հետապնդած նպատակներուն, որոնց բերումով կը դիմուի քայլերու, որոնք ճակատագրական կ՛ըլլան ոչ թէ պատերազմի ընթացքին, այլ` անոնց նախորդող ու յաջորդող փուլերուն: Հեղինակը իր ունեցած զրոյցներուն ճամբով նաեւ լաւապէս հասկցած է, որ որոշում կայացնող եւ դերակատար հանդիսացող անձերը իրենց բերած վկայութիւններու ընթացքին չէին գտնուեր այն նոյն վիճակին մէջ, որուն ենթակայ էին պատերազմական գործողութիւններու ընթացքին, չունէին մտային եւ հոգեկան նոյն վիճակը, որուն մէջ ընկալած, վերլուծած եւ հակազդած են օրին:
Հեղինակը ցոյց կու տայ նաեւ, որ այս պարտութիւնը միայն ռազմական ու քաղաքական ղեկավարներու սխալներուն հետեւանքը չէր, այլ աւելի խորքային` երկար տարիներէ ի վեր բարդուած ու չլուծուած հարցերու անդրադարձ է. իբրեւ հիմնական օրինակ` ան կը բերէ Ազրպէյճանի տարիներ շարունակ ռազմականացումը, զինուորական պատրաստուածութիւնը, անոր դիմաց Հայաստանի անհամապատասխան պատրաստուածութիւնը, մա՛նաւանդ այս դարուն, երբ արդիականութիւնը իր ծանրակշիռ դերն ու ըսելիքը ունի:
Վիգէն Չըթըրեան դիտել կու տայ, որ իր այս հետազօտութիւնը նախնական եւ հակիրճ պատկեր մը կը փորձէ գծել 2020-ի պատերազմին մասին, բայց եւ այնպէս, կայ անհրաժեշտութիւն աւելի խորքային եւ մանրամասն ուսումնասիրութիւններ կատարելու` պատերազմի ռազմաքաղաքական պատճառները, ամբողջ ծալքերը լաւապէս ըմբռնելու եւ գիտնալու համար:
Վիգէն Չըթըրեանի վերլուծական հարուստ բաժինը օժտուած է հետեւեալ մասերով, որոնք աւելի մատչելի ու դիւրահաղորդ կը դարձնեն ընթերցումը.
- Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ուժերու հաւասարակշռութեան փոփոխութիւնը,
- Ռազմավարական մտածողութիւն,
- 2016-ի դասերը,
- Արտաքին հետախուզութեան բացակայութիւնը,
- Թաւշեայ յեղափոխութիւն` 2020-ի պատերազմի արագացուցիչը,
- Առաջնորդութեան ճգնաժամ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի (Արցախ) մէջ,
- Դիւանագիտութիւն եւ պատերազմ,
- Ռուսաստանը 2020-ի պատերազմի ժամանակ եւ յետոյ,
- 2020-ի յուլիսի տաւուշեան բախումները,
- Պատերազմի 44 օրերու մարտական զարգացումները,
- Ջաբրայիլ (Ջրական). պատերազմի շրջադարձային կէտը,
- Դէպի հրադադար,
- Ինչո՞ւ Հայաստանը պարտուեցաւ,
- Սպառազինութեան կորուստներ եւ զոհեր,
- Ռազմավարական հաղորդակցութեան եւ վերլուծութեան ձախողութիւն,
- Պարտութենէն մինչեւ Արցախի ցեղային զտում,
- Ղարաբաղի (Արցախ) պաշտպանութեան բանակը եւ հայկական զինուած ուժերը,
- Յաւելուած` զրուցակիցներու ցանկը եւ հարցազրոյցներու թուականներ:
* * *
Գիրքին երրորդ գլուխը հանդիսացող իր յօդուածին մէջ` «Ռազմական պարտութի՞ւն, թէ՞ հասարակութեան համատարած ճգնաժամ» խորագրով, Աշոտ Ոսկանեան կը քննէ, թէ արդեօք Հայաստանի պարտութիւնը պարզապէս զինուորական եւ քաղաքակա՞ն ձախողութիւն մըն էր, թէ՞ աւելի լայն` ընկերային տագնապ: Ան կը քննարկէ` ապատեղեկատուութեան դերը, ազգային բարոյականը եւ կառավարման խնդիրները, որոնք տկարացուցին Հայաստանի դիմադրողականութիւնը:
Ան իր յօդուածին մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնէ պատերազմէն չորս տարի ետք դեռ շատ մը բաներու անորոշ ու հակասական մնալը. թէեւ օտար հետազօտողներ բազմաթիւ վերլուծումներ կատարած են, բայց եւ այնպէս, Հայաստանի մէջ մասնագիտական փաստագրութիւն չէ ստեղծուած:
Հայկական ղեկավարութիւնը եւ վերլուծական շրջանակները պատշաճ կերպով չեն գնահատած Ազրպէյճանի ռազմական պատրաստութիւնները: Այս թերացումը կը բխի քաղաքական կառավարման կառուցային խնդիրներէն, մասնաւորապէս` իշխանութեան կեդրոնացումէն:
Ըստ անոր, պատերազմէն ետք տեղի ունեցող հանրային քննարկումները մակերեսային են, ուր քաղաքական կողմերը պարզապէս զիրար կը մեղադրեն` առանց խորքային վերլուծութեան:
Ոսկանեան կը շեշտէ, որ հայ հասարակութիւնը պէտք է դիմագրաւէ ոչ միայն ռազմական պարտութեան պատճառները, այլ նաեւ` ներքին համակարգային թերութիւնները, որոնք այս աղէտին հիմնական պատճառները եղած են:
Մկրտիչ Կարապետեանի պատրաստած «2020-ի արցախեան պատերազմի ժամանակագրութիւնը», բացի պատմագրական առումով իր կարեւորութենէն, դէպքերը կը դասաւորէ կառուցային ձեւով, կ՛օգնէ ընթերցողին` հասկնալու դէպքերու զարգացման հոլովոյթը յաջորդականութեան կարգով, կը յստակացնէ, թէ ինչպէ՛ս դէպք մը կրնայ ազդել յաջորդին վրայ եւ կապ կը ստեղծէ պատճառներուն ու հետեւանքներուն միջեւ:
Հետաքննող լրագրող Մկրտիչ Կարապետեան շատ արժէքաւոր կերպով ընթերցողին տրամադրութեան տակ կը դնէ 2020-ի պատերազմի 44 օրերու ռազմական ժամանակագրութիւնը, որ ցոյց կու տայ այդ օրերուն ռազմի դաշտին վրայ խորացող անյաջողութիւններն ու անոր ամբողջովին հակասող քարոզչութիւնը Հայաստանի եւ Ղարաբաղի (Արցախ) ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ:
* * *
Գիրքի աւարտին տեղ գտած է Հայկ Յովհաննիսեանի պատրաստած «Քարտէս 2020-ի արցախեան պատերազմի ռազմական գործողութիւններու»:
Ընդհանուր առմամբ, այս տեսակի աշխատութիւններու մէջ քարտէս մը ունի մեծ նշանակութիւն ու արժէք. արդարեւ, ան կը տրամադրէ տեսողական համածիր գրաւոր նիւթերու կողքին` օգնելով ընթերցողներուն հասկնալու իրադարձութիւններու աշխարհագրական հանգամանքը եւ բացայայտելու այնպիսի օրինաչափութիւններ, որոնք գրութեան ճամբով դժուար է ուրուագծել:
Քարտէսը ստեղծած Հայկ Յովհաննիսեան հետաքննող լրագրող է, 2020-ի արցախեան պատերազմի Ակնայի ճակատի մասնակից:
Քարտէսը զուգահեռ կ՛ընթանայ գիրքին տուեալներուն եւ քննական մօտեցումներուն հետ, որովհետեւ գիրքին մէջ ընթերցուածին աւելի պատկերաւոր բացատրութիւն կու տայ ձեւով մը: Քարտէսը ոչ միայն կը ներկայացնէ 2020-ին Արցախի վրայ ազրպէյճանական յարձակումները եւ մեր` հայոց պաշտպանական գործողութիւնները, այլ նաեւ լուսարձակի տակ կ՛առնէ այն գործողութիւնները, որոնք ծրագրուած են հայկական կողմէն, սակայն այդպէս ալ չեն իրականացուած:
Հեղինակներու մասին
Գիրքին աւարտին կարելի է ծանօթանալ համահեղինակներուն հակիրճ կենսագրութեանց:
* * *
Այս աշխատութիւնը գուցէ չպատասխանէ 44-օրեայ պատերազմին եւ անոր հետեւանքներուն վերաբերեալ բոլոր հարցումներուն, սակայն ան կարեւոր սկիզբ է որոշ հարցադրումներու պատասխանի որոնման առումով:
Քաղաքական շահարկումներէն ու հասարակական կարծիքներու հոսքէն վեր բարձրացած այս ուսումնասիրութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի: Իր համատեսիլ հայեացքով քննելով եւ վերլուծելով ոչ միայն ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան դերը, այլ նաեւ հասարակութեան ներգրաւուածութիւնը, այս գիրքը կարեւոր է ոչ միայն մասնագիտական շրջանակներու` ռազմական վերլուծաբաններու, քաղաքականութիւն մշակողներու, պատմաբաններու համար, այլ նաեւ մեր բոլորին` հասկնալու համար, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս տեղի ունեցաւ այս ողբերգական դէպքը, տարբեր հանգամանքներ, տեսակէտներ, մօտեցումներ կարդալով` ընկալելու Արցախի կորուստը, ինքնաքննարկում կատարելու եւ փորձել յառաջ ընթանալ` աւելի առարկայական տուեալներու վրայ հիմնուած:
Անցեալի այսպիսի ուսումնասիրութիւնները հիմք են ճիշդ գնահատելու ներկան ու կանխելու ապագայ ճակատագրական սխալները:
«Նոր Յառաջ»
(Շար. 2 եւ վերջ)