Պէտք է Պատասխանատւութեան Ենթարկել նիկոլ փաշինեանը՝ Անկախութեան Հռչակագիրը Խախտելու, Արցախը Յանձնելու եւ Հայկական Պետականութիւնը Վտանգելու Համար

Հայաստան

Երէկ ՀՀ ԱԺ-ի մէջ հնչած նիկոլ փաշինեանի խոստովանութեան՝ Արցախեան շարժումը չշարունակելու եւ Արցախի հարցը փակելու շուրջ «Aparaj.am»-ը զրուցած է «Ջենեսիս Արմենիա» ուղեղային կեդրոնի մարդասիրական հետազօտութիւններու ղեկավար, ԱՀ ԱԺ նախկին պատգամաւոր, պատմաբան Արմէն Սարգսեանի հետ։

«Արցախի յանձնման թիւ մէկ մեղաւորն այսօրուայ ՀՀ իշխանութիւններն են։ Երբ ամբողջ ընդդիմութիւնը փորձում էր դա ապացուցել ժողովրդին՝ նշելով, որ խաբում են ձեզ, որ Արցախը յանձնելով չէ, որ պիտի փրկեն Հայաստանը, այլ պահելով, դիմադրութիւն էին ցոյց տալիս ներկայ իշխանութիւնները: Բայց նրանք միշտ խոստովանել են իշխանութեան տարբեր դէմքերի միջոցով, որ Ղարաբաղի պարտութիւնը՝ իրենց յաղթանակն է, որ Ղարաբաղի հարցը չկայ իրենց քաղաքական օրակարգում: Եթե ՀՀ ներկայ իշխանութիւնները համարում են, որ Ղարաբաղի պարտութիւնը իրենց յաղթանակն է՝ ուրեմն նրանք պայքարել են Ղարաբաղի պարտութեան համար»,- նշած է ան։

Արմէն Սարգսեանի գնահատմամբ՝ երէկ ՀՀ ԱԺ-ի մէջ ՀՀ վարչապետը պարզ խոստովանած է, որ Ղարաբաղի հարցը փակուած է եւ պէտք չէ պայքարը շարունակել: Ասիկա եւս մէկ անգամ կը փաստէ, որ Ղարաբաղի յանձնումը ծրագրուած էր ու ըստ ծրագրուածի՝ Արցախի համար պայքար չեն տանիր: ՀՀ ներկայ վարչապետի թեզերը նոյնինքն վերոնշեալի եզրափակող խոստովանութիւնն էր եւ պէտք է համապատասխան քայլեր ձեռնարկել այս ուղղութեամբ։

«Պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկել նիկոլ փաշինեանին, մասնաւորապէս գործող Անկախութեան հռչակագիրը խախտելու, ՀՀ տարածքները յանձնելու, Արցախը յանձնելու եւ հայկական պետականութիւնը վտանգելու համար»,- իր խօսքի աւարտին նշած է ան։