Սարգիս Զէյթլեանի Առեւանգման Եւ Նահատակութեան 40-ամեակին Առիթով Ոգեկոչման Ձեռնարկ Լիբանանի Մէջ

Սփիւռք

Կազմակերպութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Երկուշաբթի, 24 Մարտի երեկոյեան, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, Պուրճ Համուտի  «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական արեւելումի գաղափարախօսը` Սարգիս Զէյթլեան» խորագիրով ոգեկոչման ձեռնարկը` ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման եւ նահատակութեան 40ամեակին առիթով:

Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքը արտասանեց Յարութ Մարկոսեան: Ցուցադրուեցաւ Սարգիս Զէյթլեանի կենդանի ձայնով արտասանուած խօսք մը:

Խօսք առաւ օրուան բանախօս, «Ամենաղեկավարը` Սարգիս Զէյթլեան» գիրքին հեղինակ Կարօ Յովհաննէսեան: Ապա դարձեալ ցուցադրուեցաւ Սարգիս Զէյթլեանի խօսքերէն մէկը պարունակող տեսերիզ մը:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը ուղղեց Շահան Գանտահարեան: Դարձեալ ցուցադրուեցաւ Սարգիս Զէյթլեանի խօսքերէն մէկը:

ՀՅԴ Բիւրոյի խօսքը ուղղեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Միջին Արեւելքի պատասխանատու Յակոբ Բագրատունի:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը: Կարէն Գազանճեան, Քեւըն Եուեսֆ եւ Նաթալի Աբոքեան երգեցին «Սարգիս Զէյթլեան» եւ «Դաշնակցութեան Քաջ Զինուորներ» երգերը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Մշակ Բանուոր» քայլերգով:

Տեսերիզը՝ այստեղ