ազրպէյճանը Պահանջած է Փրակայի Մէջ Չցուցադրել Արցախի Մասին «Սեւ Այգի» Ֆիլմը. Դիմումը Մերժուած է

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

«Ակն ընդ ական»-ը Facebook-ի իր էջին կը գրէ. «Փրակայի մէջ ազրպէյճանը փորձած է ֆիլմ հանել մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան նուիրուած փառատօնէն։

«One World Human Rights Festival»-ին Չեխիայի մէջ ազրպէյճանի դեսպանատունը նամակ գրած է՝ պահանջելով փառատօնի ծրագիրէն հանել եւ չցուցադրել Alexis Պազումեանի Արցախի մասին «Սեւ այգի» ֆիլմը։

Փառատօնը արհամարհած է նամակը։

Այդուհանդերձ, թրքական եւ ազրպէյճանական հակամարդկային ու հակաստեղծարար արշաւը կը շարունակուի, որուն պատճառով 2024թ․ երկու հայկական ֆիլմ գրաքննուած է ազրպէյճանի պատճառով,

եւ մենք կրկին կը պահանջենք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ուշադրութեան կեդրոնին պահել հայերու մասին հայ ստեղծագործողներուն աշխատանքները։

ԱԳՆ-էն կը պահանջենք դատապարտել ազրպէյճանի արարքը։

Նոնյն գերատեսչութենէն կը պահանջենք շրջաբերականներ ուղարկել արտերկրի մէջ Հայաստանի բոլոր դեսպանատուներուն հայկական ֆիլմերն ու բոլոր ստեղծագործութիւնները ուշադրութեան կեդրոնին պահելու եւ հարկ եղած պարագային պաշտպանութեան տակ առնելու համար։

Հայ շարժանկարի գործիչները արդէն միաւորուած են, որպէսզի մէկը միւսի ստեղծագործութիւնը պաշտպանէ։ Մենք կոչ կ՝ընենք ընդլայնելու այդ համագործակցութիւնը՝ պաշտպանութիւնը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու համար։

Շնորհակալ ենք One World փառատօնին սադրանքներուն չտրուելու եւ շարժանկարն ու մարդու իրաւունքները արժեւորելու համար։

Ոչ մէկ հայկական ստեղծագործութիւն պէտք է մնայ անպաշտպան ու խտրականութեան ենթարկուի»։