Դաւիթ Իշխանեանի Կինը Կը Խօսի Ամուսինի Առողջական Վիճակին Եւ Անոր Հետ Կապ Հաստատելու Դժուարութեան Մասին

Հայաստան

Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան շուրջ մէկուկէս տարիէ ի վեր բանտարկուած կը մնայ պաքուի մէջ: Անոր պաքուի մէջ յայտնուելուն, առողջական վիճակին, պահման պայմաններուն եւ ընթացող դատավարութեան մասին ABC Media-ի լրագրող Գառնի Մութաֆեան զրուցեց Իշխանեանի կնոջ` Յասմիկ Սարգսեանի հետ:

Պատասխանելով հարցումին, թէ Դաւիթ Իշխանեանի գերի իյնալու զանազան վարկածներ կան. կ՛ըսուի, որ ինք պահանջուած անձերու ցանկին մէջ չկար, բայց Արցախի երեք նախագահներուն հետ ձերբակալուեցաւ, Սարգսեան կ՝ըսէ,- «Մենք ալ միայն այդ վարկածներուն մասին գիտենք: Ինք մեզի հաւատալ կու տար, որ իր անունը չկայ ազրպէյճանի պահանջած անձերու ցանկին մէջ, կ՛ըսէր, որ անհոգ ըլլանք, չմտահոգուինք, դուրս գանք Արցախէն, իսկ ինք անպայման պիտի գայ: Այլ տեղեկութիւն չունինք, որովհետեւ երբ հասանք Երեւան, այլեւս չէինք կրնար կապ հաստատել Դաւիթի հետ, կապ չկար: Մեր զաւակները իրենց ընտանիքիներուն հետ Սեպտեմբեր 28-ին դուրս ելան Ստեփանակերտէն, իսկ ես` Սեպտեմբեր 30-ին, պայմանաւորուած էինք, որ ինքն ալ Հոկտեմբեր 3-ին պիտի գայ»:

Խօսելով Արցախէն Երեւան ուղեւորութեան մասին` Սարգսեան կ՝ըսէ, որ ինչպէս բոլոր արցախցիները` իրենք Արցախէն դուրս եկան, Դաւիթ Իշխանեանի ընտանիք ըլլալը յատուկ դժուարութիւններ չէ պատճառած:

Անդրադառնալով Դաւիթ Իշխանեանի առողջական հարցերուն, ինչպէս նաեւ ներկայիս անոր պահման պայմաններուն ու դատավարութեան ընթացքին մասին՝ Սարգսեան հաստատեց, որ ան առողջական հարցեր ունէր: «Ունէր ողնաշարի, լեղապարկի, մարսողական համակարգի խնդիրներ: Չեմ կրնար ըսել, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ է, Դաւիթը չի սիրեր տրտնջալ, գիտէ, որ շատ մտահոգ ենք իրմով: Երբ խօսինք, կ՛ըսէ, որ լաւ է, ամէն ինչ բնական է: Պահման պայմաններուն մասին ալ կ՛ըսէ` ամէն ինչ լաւ է: Հիմա փաստաբանը փոխուած է, սակայն նախորդը մեզի հետ պարբերաբար կը կապուէր, ինչ որ պէտք է, կը հասցնէր, իսկ նոր փաստաբանը կապ չի հաստատեր մեր հետ: Փաստաբանը փոխուած է նախքան դատավարութեան մեկնարկը: Նախորդ փաստաբանը առողջական հարցեր ունեցած է, նոյնիսկ երկար ժամանակ չէր կրցած այցելել Դաւիթին, իսկ նոր փաստաբանին հետ տակաւին չենք կապուած»,- կ՝ըսէ Սարգսեան:

Իշխանեանի տիկինը մտահոգութիւն կը յայտնէ ազրպէյճանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գրասենեակի փակման համար: «Այդ լուրը շատ ցաւալի է, որովհետեւ Կարմիր խաչը հսկայական գործ ըրած է` նամակներ, նկարներ, տեղեկութիւն` առողջութեան մասին, այս ամէնը այդ կազմակերպութեան միջոցով կ՛ընէին: Իսկ թէ ո՛վ այս բոլորով պիտի զբաղի անոնցմէ ետք` տակաւին չենք գիտեր: Ասիկա մեզի համար չափազանց մտահոգիչ է»,- կը նշէ ան:

Անդրադառնալով Հայաստանի կառավարութենէն եղած ակնկալութիւններուն եւ իշխանութեան այն խօսքերուն, թէ այս ուղղութեամբ աշխատանք կը տանին, Սարգսեան կ՝ըսէ,- «Ոչ մէկ աշխատանք տեսանելի է, բայց կ՛ուզեմ հաւատալ, որ կ՛աշխատին, սակայն որեւէ արդիւնք չենք տեսներ: Կ՛ակնկալենք աւելի աշխոյժ  աշխատանք»: