
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը Կ՝ահազանգէ Սուրիահայերուն Սպառնացող Վտանգին Մասին
Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնը ահազանգած է Սուրիոյ քրիստոնէական համայնքներուն, յատկապէս սուրիահայերուն սպառնացող վտանգին մասին ու միջազգային հանրութեան կոչ ըրած է պաշտպանութեան տակ առնելու անոնց։
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի․
«Երբ ականատես կ’ըլլանք Սուրիոյ մէջ շարունակուող խժդժութեանց եւ աւերիչ հակամարտութեանց, մեր սիրտերը կը լեցուին խոր վշտով եւ մտահագութեամբ՝ բոլոր տառապողներուն համար։ Մասնաւորապէս մեզի կը յուզէ մեր Հայ քրիստոնեայ եղբայրներու եւ քոյրերու ծանր վիճակը, որոնք սերունդներ շարունակ ապրած են այդ հողին վրայ, ուր ապաստանած են 1915 թուականի սարսափելի Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք։ Սուրիան եղած է վերապրածներու եւ անոնց ժառանգներու տունը, որոնց ներկայութիւնը հոն քրիստոնեայ Հայու տոկունութեան եւ հաւատքի վկայութիւնն է։
Այսօր, Սուրիոյ մէջ գտնուող բոլոր քրիստոնեայ համայնքներու անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը դարձեալ վտանգուած է բռնութեան եւ քաոսի պատճառով, որ ցաւալիօրէն կը պատուհասէ տարածաշրջանը։ Մենք մեր բողոքի ձայնը կը բարձրացնենք ոչ միայն բոլոր անմեղ կեանքերու պաշտպանութեան, այլ յատկապէս այն հայերուն համար, որոնք 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն տեսած ժողովուրդի կենդանի վկաներն են։ Անոնք պարզապէս էթնիկ խումբ մը կամ հաւատացեալներու համայնք մը չեն, անոնք գոյատեւումի, հաստատակամութեան եւ արժանապատուութեան համար շարունակուող պայքարի սուրբ վկաներն են՝ ի դէմս ցեղասպանական հալածանքներու։
Սուրիոյ մէջ գտնուող Հայերը, որոնցմէ շատեր կը բնակին Հալէպի, Դամասկոսի եւ այլ քաղաքներու մէջ, արդէն շատ դիմակայած են։ Անոնք վերակառուցած են իրենց կեանքը ցեղասպանութենէն ետք, ստեղծած են կենսունակ համայնքներ եւ առատօրէն նպաստած են Սուրիոյ ընկերային, մշակութային եւ հոգեւոր կառուցուածքին։ Բայց եւ այնպէս անոնք այժմ կանգնած են իրենց կեանքին եւ ժառանգութեան սպառնացող վտանքին առջեւ։ Անոնց եկեղեցիները, դպրոցները եւ տուները յայտնուած են շարունակուող քաղաքացիական պատերազմի կրակին տակ եւ դարձեալ վախ կայ տեղահանումի։
Կոչ կ’ընենք միջազգային հանրութեան, պետութիւններուն, կրօնական կազմակերպութիւններուն, մարդասիրական մարմիններուն եւ անհատներուն, անյապաղ իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու ՍՈՒՐՈՅ ԲՈԼՈՐ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒ պաշտպանութեան եւ պահպանման վրայ։ Այս համայնքները պարզապէս ազգային փոքրամասնութիւններ չեն, այլ Մերձաւոր Արեւելեքի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան կենսական մասն են․ ներկայութիւն մը, որ գոյատեւած է դարեր շարունակ։ Սուրիոյ մեր քրիստոնեայ եղբայրներու եւ քոյրերու անվտանգութիւնը պէտք չէ անտեսուի կամ դիտարկուի որպէս երկրորդական խնդիր տարածաշրջանի քաղաքական տեղաշարժերու հենքին։
Թող Աստուած օրհնէ Հայ ժողովուրդը եւ Սուրոյ բոլոր քրիստոնեայ համայնքները, եւ թող Անոր ողորմութիւնը խաղաղութիւն եւ պաշտպանութիւն բերէ բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին Սուրիոյ մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս։ Կ’աղօթենք այն օրուան համար, երբ փոքրամասնութիւն կազմող բոլոր քրիստոնեաները, անկախ իրենց դաւանանքէն, կը կարողանան ապրիլ իրենց համայնքներուն մէջ ներդաշնակ եւ ապահով՝ առանց կրօնական հալածանքներու»։