Այսպէս Կոչուած «Արեւմտեան ազրպէյճան» Պատումը Հայերու Ցեղային Զտումները Արդարացնելու Նպատակը Կը Հետապնդեն. Սպանացի Պատգամաւոր

Աշխարհ, Հայաստան

ազրպէյճանի կողմէ քարոզչական դաշտ նետուած այսպէս կոչուած «Արեւմտեան ազրպէյճան»-ի պատումը պատմութիւնը վերաշարադրելու, Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան նկատմամբ իրագործած ցեղային զտումները արդարացնելու եւ Հայաստանէն նոր տարածքներ բռնագրաւելու նպատակ կը հետապնդէ՝ հող նախապատրաստելով նոր ներխուժման համար` հայկական հողերը անուանելով «Պատմական ազրպէյճան»։ Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած է Սպանիոյ խորհրդարանի անդամ Ճոն Ինեարիթուն։

Ըստ անոր՝ ազրպէյճան այսպիսի յայտարարութիւններով նպատակ ունի դիւանագիտական եւ քաղաքական ճնշում բանեցնելու Եւրոպական Միութեան վրայ՝ փորձելով կառոյցի գործունէութիւնը աւելի համապատասխանեցնել ազրպէյճանի շահերուն` յաճախ օգտագործելով ուժանիւթի գործարքները:

Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան գործունէութեան վերաբերեալ ազրպէյճանէն հնչող դժգոհութիւններուն եւ առաքելութեան գործունէութեան դէմ քարոզչութիւն իրականացնելու պաքուի նպատակներուն՝ Ինեարիթու կարեւոր նկատեց, որ դիտորդական առաքելութեան լիազօրութիւնը յստակօրէն ուրուագծուած է ինքնին Եւրոպական Միութեան կողմէ:

«Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը կը կեդրոնանայ Հայաստան-ազրպէյճան սահմանի երկայնքով տիրող իրավիճակի դիտարկումին, կայունութեան խթանման եւ յետագայ հակամարտութիւնը կանխելու համար միջազգային համաձայնագիրներու պահպանման վրայ: Այս առումով, առաքելութեան վերաբերող ազրպէյճանի մտահոգութիւնները դժուար հասկնալի են, յատկապէս երկրի մը համար, որ կը թուի, թէ կը ձգտի խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան»,- ըսած է Ինեարիթու, ըստ որուն, Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան դէմ ազրպէյճանի բողոքները կրնան ի յայտ գալ նաեւ երրորդ երկիրներու` մասնաւորապէս թուրքիոյ կամ Ռուսիոյ ճնշումներուն ազդեցութեան տակ։

«Առաքելութիւնը կոչուած չէ մէկ կողմը միւսին գերադասելու, ոչ ալ կը զբաղի հետախուզական գործունէութեամբ: Անոր հիմնական նպատակը տարակարծութիւններու խաղաղ կարգաւորման նպաստելն է, ինչ որ, անշուշտ, անգամ մը եւս կը հակասէ Հայաստան ներխուժելու ազրպէյճանի փորձերուն»,- յայտնած է Ինեարիթու։