
Անյապաղ Վերահսկողութեան Տակ Առնել պաքուի Հայ Գերիներուն Հետ Կապուած Իրավիճակը. Արմէն Գէորգեանի Կոչը՝ ԵԽԽՎ Նախագահին
ԵԽԽՎ-ի մէջ հայկական պատուիրակութեան անդամ Արմէն Գէորգեանի յայտարարութիւնը, 2025 թուականի Մարտ 7-ին, Փարիզի մէջ կայացած Սոցիալական, առողջապահութեան եւ կայուն զարգացման հարցերու յանձնաժողովի հերթական նիստին։
«Յարգելի’ գործընկերներ,
Յունուարին բանաձեւ ընդունեցինք Կազայի մէջ մարդասիրական իրավիճակին վերաբերեալ, ուր կ՝ըսուի, որ «Վեհաժողովը չի կրնար ընդունիլ, որ այս մարդասիրական ճգնաժամը ներկայացուի կամ դիտուի անխուսափելի կամ ալ դառնալ «նոր չափանիշ»»:
Այսօր ձեզի կը ներկայացնեմ ազրպէյճանի կողմէ գրաւուած Արցախի մէջ աղէտալի իրավիճակը, որ փաստացի կ՝անտեսուի միջազգային հանրութեան կողմէ եւ կը դառնայ «նոր չափանիշ»։
Հայերու ցեղական զտումներէն եւ հայկական հողերու գրաւումէն ետք իլհամ ալիեւը շարունակած է հայերուն հանդէպ ցեղասպան քաղաքականութիւնը, որուն նպատակն է բացառել անոնց վերադարձը իրենց պատմական հայրենիք։
Արդէն աւերուած են շարք մը հայկական եկեղեցիներ, հայոց պատմութեան նուիրուած յուշահամալիրներ, մշակութային կեդրոններ, գրադարաններ եւ դպրոցներ, հարիւրավոր խաչքարեր։ Կը պղծուին հայկական հոգեւոր կեդրոնները, թալանուած են աւելի քան 30 արուեստի ու թանգարանային հաւաքածուներ։ Շուրջ մէկ տասնեակ հայկական բնակավայրեր նոյնպէս աւերուած են։
Վերջին տարիներուն Լեռնային Ղարաբաղի աւելի քան 24 հազար հայ արդէն լքած է տարածաշրջանը։ Կ՝ուզեմ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել այն փաստին, որ Ղարաբաղի հայերուն` իրենց պատմական հայրենիք վերադառնալու իրաւունքը անկատար կը մնայ պաքուի մէջ հայ գերիներու նկատմամբ ընթացող խայտառակ դատավարութիւններուն պատճառով։ Ատիկա հոգեբանական բռնութիւն է հայերուն նկատմամբ, որոնց կ՝ըսեն՝ եթէ ձեր ղեկավարները նման վիճակի մէջ են, պատկերացուցէք, թէ ինչ պիտի ըլլայ ձեր հետ, եթէ որոշէք վերադառնալ Ղարաբաղ։
Այդ մարդոց պաքուի մէջ կը դատեն առաջին հերթին այն պատճառով, որ հայ են, քրիստոնեայ են։ Կը նուաստացնեն զիրենք, որովհետեւ ըլլալով փոքր, բայց հպարտ ազգի առաջնորդներ՝ կրցած են աւելի քան 30 տարի ապրիլ ազատ ու ժողովրդավարական հասարակութեան մէջ՝ դիմակայելով մենակատար ազրպէյճանը։
Անոնք չեն կորսնցներ իրենց արժանապատւութիւնն ու քաջութիւնը, որուն համար ալ կ՝ենթարկուին խոշտանգումներու ու նուաստացման։ Արեւմտեան քարիւղատոլարներով աճած ազրպէյճանական մենատէր վարչաձեւը փաստացի կ՝ոչնչացնէ հայկական քաղաքակրթութեան հետքերը Արցախի մէջ։ Ասիկա 20-րդ դարու կէսերուն Նախիջեւանի մէջ սկսած Հայոց նոր ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է։
Արցախի մէջ զարգացող աղէտալի իրավիճակը վերացնելու համար նախատեսուած միջազգային չափանիշները, մեքենականութիւններն ու հիմնարկները ընդհանրապէս չեն գործեր։ ազրպէյճանը միտումնաւոր կերպով կը խախտէ եւ կ՝անտեսէ միջազգային դատարաններու որոշումները, իսկ միջազգային հանրութիւնը ակնյայտ անտարբերութիւն կը ցուցաբերէ 150 հազար հայեր` իրենց պատմական հայրենիք վերադառնալու իրաւունքներու ապահովման խնդրի նկատմամբ։
Մեծ մտահոգութիւն պէտք է յարուցանէ նաեւ այն, որ պաքուի մէջ կը փակուին բազմաթիւ միջազգային մարդասիրական, իրաւապաշտպան եւ լրատուամիջոցներու գրասենեակներ։ Այսպէս, ԿԽՄԿ-ն, ՄԱԿ-ի չորս գործակալութիւններ, Թրանսփարընսի Ինթըրնէշընըլը կը դադրեցնեն իրենց աշխատանքը, իսկ BBC-ի գրասենեակը փակուած է։ Ակնյայտ է, որ այս ամէնը կը կատարուի Արցախի հայերու վերադարձի թեման փակելու եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան յետագայ ապակայունացման համար նոր սադրանքներ նախապատրաստելու համար։
Կը խնդրեմ աջակցիլ Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարին, ԵԽԽՎ նախագահին եւ մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարին ուղղուած իմ կոչին՝ անյապաղ վերահսկողութեան տակ առնելու պաքուի մէջ հայ գերիներու հետ կապուած իրավիճակը, յատուկ բանագնաց ուղարկելու այնտեղ՝ ազրպէյճանի հետ քննարկելու անոր միջազգային պարտաւորութիւնները եւ պարտադրելու անոր կատարել զանոնք»։
Ամբողջական հոդվածը կարող եք կարդալ այս հասցեով՝ https://yerkir.am/hy/article/2025/03/07/288342