
Բոլոր Գերիներուն Անյապաղ Ազատ Արձակումը Պէտք է Հայ-ազրպէյճանական Բանակցութիւններու Օրակարգին Մաս Դառնան․ ՀՅԴ Բիւրօ
ՀՅԴ Բիւրոյի յայտարարութիւնը Սումգայիթեան ջարդերու 37-րդ տարելիցին եւ պաքուի մէջ ընթացող դատավարութեան վերաբերեալ.
1988 թ․ Փետրուարը ազդարարեց ազգային զարթօնքի եւ նորագոյն ժամանակներու ազատագրական պայքարի մեկնարկը, որուն փառապսակը Հայաստանի վերանկախացումն էր եւ Արցախի Հանրապետութեան կերտումը։
Ի պատասխան արցախահայութեան սահմանադրական իրաւունքի իրացման խաղաղ պայքարին, ազրպէյճանը՝ Խորհրդային իշխանութիւններու անտարբերութեան հետեւանքով, 1988 թ․ Փետրուար 27-29 կազմակերպեց եւ իրականացուց Սումգայիթ քաղաքի հայ ազգաբնակչութեան արիւնալի ջարդերը։ Սումգայիթին յաջորդեցին պաքուի, Գանձակի, Շամխորի եւ այլ քաղաքներու մէջ իրականացուած հայկական կոտորածներն ու ցեղական զտումը։
1988 թ․ Սումգայիթի հայկական ջարդերը, հարիւր հազարաւորներու բռնի տեղահանումը, անոնց յաջորդած արցախեան առաջին եւ 44-օրեայ պատերազմն ու Արցախի հայաթափումն ու ազրպէյճանին բռնակցումը, ԱՀ ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան պատանդառումն ու կեղծ դատավարութիւնը ի ցոյց կը դնեն տարածաշրջանին մէջ ազրպէյճանի երկարաժամկէտ ռազմավարական նկրտումները։
ազրպէյճանի հակահայ քաղաքականութիւնը այսօր բացայայտ կը դրսեւորուի պաքուի մէջ ընթացող դատավարութեան բեմականացմամբ, նաեւ այսպէս կոչուած «խաղաղութեան» պայմանագրի բանակցութիւններու գործընթացով, որուն ակնյայտ նպատակը ոչ թէ միջազգային իրաւունքի եւ չափանիշներու վրայ խարսխուած խաղաղութեան հաստատումն է, այլ՝ հայկական պետականութեան փաստացի կազմաքանդումը, հայկական քաղաքական գործօնի վերացումը։
Սումգայիթի ջարդերուն 37-րդ տարելիցին եւ պաքուի մէջ շարունակուող դատավարական զաւեշտին վերաբերեալ ՀՅԴ Բիւրոն կը յայտարարէ.
• Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ հետամուտ ըլլալ 1988-90 թթ․ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած ցեղասպանական գործողութիւններու ճանաչման, դատապարտման եւ արդար հատուցման պահանջին։
• Սումգայիթի, տարբեր այլ քաղաքներու եւ Արցախի մէջ ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած ցեղասպանութեան զոհերուն արդար փոխհատուցման եւ վերադարձի իրաւունքի պահանջը, ինչպէս նաեւ պաքուի մէջ պատանդառուած բոլոր գերիներու եւ պահուող անձերու անյապաղ ազատ արձակումը պէտք է հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններու օրակարգին մաս դառնան։
ՀՅԴ Բիւրօ
28 Փետրուար, 2025թ.