Ռուբէն Վարդանեանի Յայտարութիւնները պաքուի Բանտէն Բոլորիս Յստակ Ուղերձ Պէտք է Ըլլան, որ Իրաւունք Չունինք Անտարբեր Մնալու եւ Պարտաւոր Ենք Ընել Մեզմէ Կախուած Ամէն Ինչ. Արցախի ՄԻՊ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ռուբէն Վարդանեանի յայտարութիւնները պաքուի բանտէն բոլորիս յստակ ուղերձ պէտք է ըլլան, որ իրաւունք չունինք անտարբեր մնալու եւ պարտաւոր ենք ընել մեզմէ կախուած ամէն ինչ: Այս մասին գրած է Արցախի Հանրապետութեան ՄԻՊ Գեղամ Ստեփանեան:

«Սիրոյ հակառակը ատելութիւնը չէ, այլ՝ անտարբերութիւնը․․․

Գեղեցկութեան հակառակը տգեղութիւնը չէ, այլ՝ անտարբերութիւնը․․․

Հաւատի հակառակը հերետիկոսութիւնը չէ, այլ՝ անտարբերութիւնը․․․

Եւ կեանքի հակառակը մահը չէ, այլ՝ անտարբերութիւնը․․․»

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Փետրուարի 28-ին՝ ժամը 12:00-ին, «Ընդդէմ իրաւական կամայականութեան» ՀԿ- ի նախաձեռնութեամբ, ի յիշատակ ազրպէյճանի ցեղասպանական գործողութիւնների զոհերին եւ ի պաշտպանութիւն բռնագաղթած հայութեան իրաւունքների Ծիծեռնակաբերդում յագանքի տուրք է մատուցուելու բոլոր զոհերի յիշատակին, որից յետոյ շարժուելու ենք ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակ, որտեղ ժամը 15:00-ին իրականացնելու ենք ակցիա (ցոյց, «ԵՌԱԳՈՅՆ»)՝ ի աջակցութիւն պաքւում ապօրինաբար պահուող մեր պատանդների՝ մեր բողոքը արտայայտելով միջազգային հանրութեան յանցաւոր լռութեան եւ անտարբերութեան։

Ռուբէն Վարդանեանի յայտարութիւնները պաքուի բանտից եւ արդէն մէկ շաբաթ տեւող հացադուլը մեզ բոլորիս յստակ ուղերձ պէտք է լինեն, որ իրաւունք չունենք անտարբեր մնալու եւ պարտաւոր ենք անել մեզանից կախուած ամէն ինչ մեր հայրենակիցների անյապաղ ազատ արձակման համար։

Խնդրում ենք բոլորին միանալ ակցիաներին եւ արտայայտել համերաշխութիւն պաքուի ռեժիմի (վարչաձեւի, «ԵՌԱԳՈՅՆ») կողմից խոշտանգումների ենթարկուող մեր հայրենակիցներին»,- գրած է ան: