
Երեւանի Մէջ Բացուեցաւ Մարշալ Բաղրամեանի Թանգարանը
Համաշխարհային Բ․ պատերազմին տարած Մեծ Յաղթանակի 80-ամեակին ընդառաջ՝ Հայաստանի վեթերաններու միաւորման շէնքին մէջ բացուած է Խորհրդային Միութեան մարշալ Յովհաննէս Բաղրամեանին նուիրուած թանգարանը ու «Արմենպրես»-ի լուսանկարներու ցուցահանդէսը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Փետրուար 23-ին ԽՍՀՄ կրկնակի հերոս, մարշալ Յովհաննէս Բաղրամեանի թանգարանի բացման նուիրուած հանդիսաւոր միջոցառման ներկաները նախ յարգանքի տուրք մատուցեցին Համաշխարհային Բ․ պատերազմի եւ Ղարաբաղեան պատերազմներու զոհերու յիշատակին:
Մարշալ Յովհաննէս Բաղրամեանի անուան Հայաստանի վեթերաններու միաւորման նախագահ Սիմոն Եսայեան՝ իր բացման խօսքին մէջ՝ ներկայացնելով մարշալի մեծ ներդրումը Համաշխարհային Բ․ պատերազմին տարած յաղթանակին եւ շարք մը խոշորագոյն մարտական գործողութիւններու կազմակերպման գործին մէջ, նշեց, որ հայ մեծանուն մարշալին նուիրուած թանգարանային անկեան ստեղծումը իրենց պարտքն էր:
«Բացելով Յովհաննէս Բաղրամեանի անուան մարտական փառքի թանգարանը` մենք նաեւ յարգանքի տուրք ենք մատուցում հարիւր հազարաւոր հայ մարտիկներին, որոնք ուս-ուսի մարտնչել են միւս ժողովուրդների կողքին»,-ընդգծեց Եսայեան։
Թանգարան-կեդրոնին մէջ ներկայացուած են մարշալի կեանքի տարբեր փուլերու դրուագները արտացոլող անձնական իրեր, պարգեւներ, լուսանկարներ: