Ճորճ Աղճայեան Ստանձնած է Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբի Նախագահին Պարտականութիւնները

Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկահայ համայնքի երկարամեայ բեղուն գործիչ Ճորճ Աղջայեան ստանձնած է Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի նախագահին պաշտօնը՝ փոխարինելով տեւական ժամանակատահուած այդ պատասխանատւութիւնը ստանձնած Րաֆֆի Համբարեանը։

Անդրադառնալով իր նոր պատասխանատւութեան՝ Աղճայեան, մասնաւորապէս, նշած է,- «Ինծի համար մեծ պատիւ է ստանձնել այս դերը հայ ժողովուրդի համար այսքան կարեւոր ժամանակահատուածի մը: Մեր աշխատանքը առաւել քան երբեւէ կենսական է, քանի որ մենք կը պայքարինք յանուն արցախահայութեան իրաւունքներու, կը պայքարինք ազրպէյճանը իր յանցագործութիւններուն համար պատասխանատւութեան ենթարկելու եւ Հայաստանի երկարաժամկէտ անվտանգութիւնն ու կենսունակութիւնը ապահովելու համար։ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը միշտ եղած է ամերիկահայութեան ամենաարդիւնաւէտ ձայնը ԱՄՆ ինչպէս արտաքին, այնպէս ալ ներքին քաղաքականութեան մէջ, եւ ես անհամբեր կը սպասեմ աշխատելու մեր տեղական մասնաճիւղերուն, համայնքային ակտիւիստներուն եւ նուիրուած ղեկավար խումբին հետ՝ ընդլայնելու մեր ազդեցութիւնը եւ առաջ մղելու մեր ընդհանուր գործը»:

Կը նշուի, որ Աղճայեանը կը յաջորդէ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը նուիրումով եւ ռազմավարական տեսլականով ղեկավարած Րաֆֆի Համբարեանին։ Անոր ղեկավարութեամբ Հայ Դատի յանձնախումբը ընդլայնած է իր ազդեցութիւնը թէ Կապիտոլիումի բլուրի, թէ գործադիր իշխանութեան վրայ, ստեղծած համախառն բազմաթիւ հարթակներ նաեւ ոչ հայկական համայնքային կազմակերպութիւններու հետ: Ծաւալած աշխատանքին իբրեւ արդիւնք աննախադէպ ձեւով մեծցաւ Հայ Դատի յանձնախումբին ներգրաւուածութիւնը շարք մը գործընթացներու մէջ, Քոնկրեսի երկու պալատներուն մէջ հզօրացաւ հայկական հարցերու վերաբերեալ երկկուսակցական օժանդակութիւնը:

Համբարեանի բազմաթիւ յաջողութիւններէն է Հայ Դատի երիտասարդական ծրագրերու աննախընթաց ընդլայնումը թէ Ուաշինկթընի մէջ, թէ ողջ երկրին մէջ, երիտասարդներու քաղաքական աշխուժացումն ու տարբեր ոլորտներու մէջ անոնց ներգրաւուածութեան մեծացումը, համայնքային ղեկավար հանգամանքներ զբաղցնող նոր երիտասարդ սերունդի դաստիարակութիւնը։

Ողջունելով Աղճայեանի կողմէ այս պատասխանատւութեան ստանձնումը՝ Րաֆֆի Համբարեան նշած է,- «Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ ծառայելը եղած է կեանքիս մեծագոյն պատիւներէն մէկը։ Մեր աշխատանքը միայն քաղաքականութիւնը չէ, անիկա հայ ժողովուրդի գոյատեւման եւ արժանապատւութեան աշխատանք է: Ճորճը իր կեանքով մէկ Հայ Դատի պաշտպան է՝ մեր գործին խոր նուիրուածութեամբ, եւ ես գիտեմ, որ ան պիտի առաջնորդէ եռանդուն նպատակասլացութեամբ եւ հաստատակամութեամբ»:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
21 Փետրուար, 2025թ․