
Երուսաղէմի Հայկական Եկեղեցին Կ՛ահազանգէ, Որ Իսրայէլ Կը Ձգտի Իր Կալուածները Խլել
Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը կը մեղադրէ Իսրայէլի իշխանութիւնները կրօնական կազմակերպութեան դէմ «անարդար, նպատակային եւ աղտոտ հարկեր» գանձելու մէջ։ Այս մասին կը նշուի Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի X-ի էջին վրայ կատարուած հրապարակումին մէջ:
Երուսաղէմի քաղաքապետարանը կը ձգտի բռնագրաւել դարերով իրեն պատկանող կալուածները եւ զայն աճուրդի հանել` 1994-էն ի վեր իբր թէ գոյացած համայնքային պարտքերը հաւաքելու համար:
«Եթէ, Աստուած մի արասցէ, պատրիարքարանի միջնորդութիւնը մերժուի, Երուսաղէմի քաղաքապետարանը կապանք կը դնի Պատրիարքարանին պատկանող անշարժ գոյքին վրայ եւ անիկա աճուրդի կը հանուի` վերականգնելու համար ենթադրեալ վիճելի պարտքերը, որոնք դատական կարգով երբեք չեն ապացուցուած»,- կ՛ըսուի Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Մինչ այդ, Կիրակի օր, Երուսաղէմի Սուրբ Յարութիւն տաճարը այցելեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ։ Անոր այցելութիւնը տաճարի կաթողիկէ մասին մէջ էր: Այս մասին, ըստ «Նիուզ»ի, յայտնեց Էմանուէլ վարդապետ Աթաճանեան:
Ան յիշեցուց, որ տաճարը բաժնուած է երեք մասերու` հայկական, յունական եւ կաթողիկէ: Էմանուէլ վարդապետ Աթաճանեան տեղեկացուց, որ հանդիպումին մասնակցեցան բոլոր երեք եկեղեցիներու ներկայացուցիչները:
Նշենք, որ եկեղեցին կառուցուած է հոն, ուր, ըստ Աստուածաշունչին, դրուած էր Քրիստոսի մարմինը, եւ այնտեղէն յարութիւն առած: