Արցախեան Շարժումը Անցեալին Աւարտած Իրողութիւն Չէ. ՀԱԵ Արցախի Թեմ

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախեան շարժումը անցեալին աւարտած իրողութիւն չէ, Արցախ վերադարձի սպասումով է, որ մեր ժողովուրդը կը մնայ միասնական ու տոկուն՝ անկախ արտաքին հանգամանքներէն։ Այս մասին, այսօր, արցախեան շարժման 37-ամեակին առիթով յայտարարութիւն տարածած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմը։

«Այսօր մեզ մնում է ապրել եւ գործել դէպի Արցախ հաւաքական վերադարձի հաւատով ու սպասումով։ Այդ սպասումն է մղում մեզ բոլորիս՝ աղօթելու, որ գալիքն աւետաբեր լինի, եւ որ Քրիստոսով յաղթական վերադարձ ունենանք հայրենեաց երկիր»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Անդրադարձ եղած է նաեւ պաքուի մէջ գերութեան մէջ գտնուող Արցախի պաշտօնեաններուն։

«Թշնամական գերութեան մէջ են գտնւում Արցախի պետական այրերը՝ անկախութեան խորհուրդն իրենց մէջ կրող անձերը, եւ որ այդ նոյն սպասումով բոլորս պարտաւոր ենք ջանալ նրանց ազատութեան եւ վերադարձի համար»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմը նաեւ նշած է, որ իրենց աղօթքն ու մաղթանքն է, որ 37 տարի անց եւս Արցախեան շարժման վեհ գաղափարները չդադրին մարդոց գիտակցութեան մէջ, այլ շարունակեն ըլլալ ուժ ու եռանդ տուող մղիչ ուժ։