ազրպէյճանը Հակադրեց Բիրտ Ուժի եւ Բռնութիւններու Քաղաքականութիւնը, Որ 35 Տարիէն Աւելի Դարձաւ Այդ Երկրի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութեան Գործելաոճը․ Արցախի ԱԺ

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի Ազգային ժողովը յայտարարութիւն տարածած է Արցախի վերածնունդի օրուան եւ Ղարաբաղեան շարժման 37-ամեակին առիթով։

Յայտարարութեան մէջ կ՝ըսուի․

«1988թ. Փետրուար 20-ը խորհրդանշական օր է, քանզի 37 տարի առաջ դրուեցաւ պայքարի մը հիմնաքարը, որ դարձաւ բովանդակ հայ ժողովուրդի մտորումներուն սեւեռակէտը: Այդ օրը ԼՂԻՄ ժողովրդական պատգամաւորներու արտահերթ նստաշրջանը, արտայայտելով հայ ժողովուրդին միասնական կամքը եւ առաջնորդուելով ԽՍՀՄ սահմանադրութեան համապատասխան դրոյթներով, որոշում ընդունեց դիմելու ազրպէյճանական ԽՍՀ եւ Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդներուն` ԼՂԻՄ-ը ազրպէյճանի կազմէն դուրս հանելու եւ Հայաստանի կազմին մէջ ընդգրկելու խնդրանքով:

ԼՂԻՄ հայ բնակչութեան սահմանադրական պահանջներուն ազրպէյճանը հակադրեց բիրտ ուժի եւ բռնութիւններու քաղաքականութիւնը, որ 35 տարիէն աւելի դարձաւ այդ երկրի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան գործելաոճը: Ատոր բարձրակէտը 2023թ. Սեպտեմբեր 19-ի ռազմական յարձակումն էր: Ցաւօք, աշխարհի լուռ համաձայնութեամբ ազրպէյճանը նոր ցեղասպանութիւն իրականացնելու սպառնալիքով բռնագրաւեց հայ ժողովուրդի հայրենիքին մէկ մասը՝ Արցախի Հանրապետութեան ողջ տարածքը:

Պատմական ու ազգային այս մեծ ողբերգութեան իբրեւ արդիւնք՝ 150 հազար արցախցիներ ստիպուած էին տեղահանուիլ իրենց բնակավայրերէն եւ ապաստան գտնել Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ՝ հայրենիք վերադառնալու փափաքով եւ ազգային արժանապատւութիւնը վերականգնելու յոյով ու վճռականութեամբ:

Բայց հայու վերընձիւղուելու կամքն ու վճռականութիւնը երբեք թոյլ չէ տուած յուսահատիլ:

Փետրուարեան վերածնունդի շունչը, հայրենիքի, պետականութեան, ազատութեան ու անկախութեան համար թափած արիւնն ու քրտինքը մեզի կը մղեն չընկրկելու դժուարութիւններուն առջեւ:

Մենք՝ որպէս Արցախի ժողովուրդ, պիտի շարունակենք պայքարիլ: Հայրենի բնօրրան անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադառնալու Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին իրավունքը ոչ միայն օրինական է, այլեւ ամբողջովին կը տեղաւորուի հիմնուած միջազգային իրաւունքի չափանիշներու եւ սկզբունքներու համատեքստին մէջ:

Հակառակ տեսանելի եւ անտեսանելի խութերուն, հայ ժողովուրդի կորսուած իրաւունքին վերականգնումը պէտք է դառնայ ներկայ սերունդի գործունէութեան առանցքը:

Այսօր, յիշելով 1988-ի Փետրուար 20-ի խորհուրդը, մենք կը վերահաստատենք արդարութեան, ճշմարտութեան ճանապարհով ընթանալու եւ պատմական յիշողութիւնը պահպանելու մեր անօտարելի իրաւունքը»։