Փաշինեանի Քաղաքականութիւնը Սպառնալիք է Պետականութեան Համար. Վարդան Օսկանեան

Հայաստան

«Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու ազգային անվտանգութեան կը սպառնան ոչ միայն արտաքին ուժերը, այլեւ սեփական ղեկավարութեան ձախողումները։ ազրպէյճանի նկրտումները շատոնց յստակ են՝ ռազմական ուժի եւ դիւանագիտական ճնշման միջոցով ամրապնդել տարածքային նուաճումները»։ Այս մասին կ՝ահազանգէ ԱԳ նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան։

Ան կ՝ընդգծէ՝ այս մարտահրաւէրները գոյութենական սպառնալիքի վերածուած են ոչ միայն պաքուի յարձակման, այլեւ վարչապետ նիկոլ փաշինեանի անձեռնհասութեան պատճառով։ Անոր սխալ հաշուարկները, անվճռականութիւնը եւ տապալուած քաղաքականութիւնը քայքայած են Հայաստանի՝ տարածաշրջանային սպառնալիքներուն դիմակայելու կարողութիւնը՝ կառավարելի հակամարտութիւնը վերածելով ազգային աղէտի։ Փաստացի, նոյնինքն փաշինեանը դարձած է Հայաստանի անվտանգութեան ամենամեծ սպառնալիքը՝ իր ձախողումներով հնարաւոր դարձնելով ազրպէյճանի յարձակումը։

«ազրպէյճանի ռազմավարական նպատակները մնացած են անփոփոխ, սակայն Հայաստանի՝ անոնց հակազդելու կարողութիւնը տկարացած է փաշինեանի ղեկավարման պատճառով։ Անոր պաշտօնավարումը նշանաւորուած է սխալներու ամբողջական շարքով, որոնք տկարացուցած են Հայաստանի ռազմական պատրաստուածութիւնը, դիւանագիտական ազդեցութիւնը եւ ներքին միասնականութիւնը։ 2020-ի պարտութեան, յետոյ՝ Արցախի անկման, արցախցիներու տեղահանութեան եւ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական աճող մեկուսացման ձախողումները կու գան առաջնորդէ մը, որ չունի դիւանագիտական, ռազմավարական եւ ռազմաքաղաքական հմտութիւններ երկրի շահերը պաշտպանելու համար։ Անոր սխալները չեն սկսած 2020-ին. անոնք ակնյայտ էին դեռ 2018-էն, երբ ան կը շարունակէր յեղափոխական հռետորաբանութիւնը, բայց զուրկ էր արտաքին քաղաքականութեան յստակ տեսլականէն։ Անոր ղեկավարումը Հայաստանը դարձուցած է խոցելի ազրպէյճանի սպառնալիքներուն հանդէպ՝ պաշտպանական կարողական ուժեղ դիրքը վերածելով թուլութեան եւ պարտուողականութեան։

Տարածաշրջանային իրատեսական քաղաքականութիւն եւ պաշտպանական ամուր ռազմավարութիւն մշակելու փոխարէն՝ փաշինեանը տղայական ազգայնականութենէն գնաց մինչեւ անընդունելի զիջողականութեան, որոնցմէ ոչ մէկը կը բխէր դիւանագիտական եւ անվտանգութեան իրատեսական շրջանակէ։ Անոր կառավարութիւնը անտեսեց հետախուզական նախազգուշացումները, անտեսեց ազրպէյճանի ռազմական հզօրացումը եւ սխալ կառավարեց յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ՝ միաժամանակ օտարանալով աւանդական գործընկերներէն եւ առանց ապահովելու իրատեսական այլընտրանքներ։ Անոր ամենաաղէտալի սխալներէն մէկը այն համոզմունքն էր, որ քաղաքական հռետորաբանութիւնը կրնայ փոխարինել ռազմավարական կանխատեսման։ Երբ ատիկա ենթարկուեցաւ պատերազմի փորձութեան, ան միանգամայն անպատրաստ էր ատոր։ Երբ առերեսուեցաւ դիւանագիտական հետեւանքներուն, անվճռական էր եւ յաճախ անտեղեակ։ Իսկ երբ ի յայտ եկան ուղղութիւն փոխելու հնարաւորութիւններ, ան կրկնապատկեց այն քաղաքականութիւնը, որ յետագային ալ աւելի տկարացուց Հայաստանի դիրքերը։

Այժմ, երբ փաշինեանի անձնական անվտանգութիւնը աւելի ու աւելի կը կապուի իշխանութիւնը պահպանելուն հետ, անոր արտաքին քաղաքական որոշումները թերեւս աւելի շատ կը բխին ինքնապահպանման բնազդէն, քան ազգային շահէն։ Անոր շրջադարձը դէպի Արեւմուտք իրականացուեցաւ անզգոյշ՝ օտարացնելով Ռուսիան եւ փոխարէնը արեւմտեան շօշափելի երաշխիքներ չապահովելով։ Գործնական վերադասաւորումը կրնար օգուտ բերել Հայաստանին, եթէ ռազմավարական մօտեցում ցուցաբերուէր։ Բայց փաշինեանի կառավարութիւնը ապաւինեցաւ խորհրդանշական ժեստերու, օրինակ՝ ԵՄ անդամակցութեան հարցի բարձրացման՝ չկարենալով հաստատել անվտանգութեան յստակ շրջանակ։ ԵՄ անդամակցութեան մեկնարկի մասին օրինագիծի՝ ոչ պատեհ ժամանակ ընդունումը համընկած է աշխարհաքաղաքական կարեւոր զարգացումներու հետ, ներառեալ ԱՄՆ փոխնախագահ Ջ․Դ․ Վենսի միւնիխեան ելոյթի եւ ռուս-ամերիկեան բանակցութիւններու մեկնարկի, որ նշանաւոր կը դարձնէ աշխարհաքաղաքական նոր վերադասաւորում՝ Կովկասի համար, անկասկած, նշանակալի հետեւանքներով։

Ակնյայտ սխալ այս հաշուարկը կրկին կը վկայէ համաշխարհային ուժաբանութենէն փաշինեանի անտեղեակութեան մասին։ Հայաստանի դիրքաւորումը առաւելագոյնս ամրապանդելու փոխարէն ան կը շարունակէ գործել դատարկութեամբ՝ չտեսնելով աշխարհաքաղաքական ուժերու աւելի լայն փոխազդեցութիւնը։

Իր բոլոր թերութիւններով հանդերձ՝ Ռուսիան պատմականօրէն եղած է Հայաստանի անվտանգութեան հիմնական երաշխաւորը։ Թէեւ Մոսկուայի ձախողումներուն վերաբերեալ դժգոհութիւնները հիմնաւոր են՝ կապերու խզումը առանց այլընտրանքներու ապահովման ռազմավարական անխոհեմութիւն է։ Դիւանագիտութիւնը չի կրնար ըլլալ ցուցադրական քայլերու մասին։ Անիկա նախեւառաջ ազգային առաւելագոյն անվտանգութիւն ապահովելու մասին է։ փաշինեանի օրով Հայաստանը մեկուսացած է՝ օտարանալով Մոսկուայէն, չստանալով Արեւմուտքի աջակցութիւնը եւ խոցելի դառնալով ազրպէյճանի ճնշման հանդէպ։

Միեւնոյն ժամանակ, ազրպէյճանի պահանջները կը շարունակեն աւելնալ։ իլհամ ալիեւի նկրտումները Արցախէն ու անոր ղեկավարութեան նուաստացումներէն անդին են. անոնք կը պահանջեն Հայաստանի զինաթափում, ազրպէյճանցիներու վերաբնակեցում բուն Հայաստանի մէջ եւ տարածքային զիջումներ, որոնք կը խաթարեն Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը։ Ասոնք պարզապէս յարձակողական դիրքորոշումներ չեն, այլ գոյութենական մարտահրաւէր Հայաստանի ապագային համար։ Սակայն փաշինեանի արձագանգը եղած է չէզոք։ Ան չէ կրցած ընել այնպէս, որ ազրպէյճանը այդ գործողութիւններուն համար պատասխան ու գին տայ։ Անոր կառավարութիւնը մէկը միւսին ետեւէն կուլ տուած է դիւանագիտական եւ ռազմական յետընթացները՝ քայքայելով Հայաստանի զսպման կարողութիւնները եւ երկիրը դարձնելով աւելի խոցելի։

ազրպէյճանը ի հարկէ յարձակող է, բայց նոյնինքն փաշինեանի ձախողումներն են, որ իրագործելի դարձուցած են ալիեւի նկրտումները։ Հայաստանին անհրաժեշտ է նոր ղեկավարութիւն՝ առաջնորդ, որ կը հասկնայ ուժերու հաւասարակշռութիւնը, որ կրնայ մշակել անվտանգութեան իրատեսական քաղաքականութիւն եւ որ կրնայ դիւանագիտութեամբ զբաղիլ կարողութեան, այլ ոչ թէ յուսահատութեան դիրքերէ։ փաշինեանը բազմիցս ցոյց տուած է, որ այդ դերը իր հագով չէ։ Որքան երկար ան մնայ իշխանութեան, այնքան մեծ է վտանգը, որ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը կը քայքայուի՝ մաս առ մաս, զիջում առ զիջում՝ մինչեւ որ ոչինչ մնայ պետութեան անկախութենէն։

Փոփոխութեան ժամանակը հիմա է։ Հայաստանը պէտք է վերագտնէ իր սեփական դերակատարութիւնը, վերասահմանէ իր անվտանգութեան առաջնահերթութիւնները եւ վերակառուցէ իր դիւանագիտական վստահելիութիւնը»,- գրած է Վարդան Օսկանեան՝ Facebook-ի իր էջին մէջ։