Կորուստը Յաղթահարելու Միակ Ճանապարհը Փետրուար 20-ին Նոր Համախմբումն է․ Ազատութեան Հրապարակին Վրայ Վաղը Մեծ Հանրահաւաք Տեղի Կ՝ունենայ

Հայաստան, Սփիւռք

Սրբազան պայքարին մաս կազմող, «Միասին» այլընտրանքային հասարակական-քաղաքական շարժման համակարգող խորհուրդը տարածած է յայտարարութիւն, ուր կ՝ըսուի.

«Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի սիրելի հայրենակիցներ։

Փետրուար 20-ին կը լրանայ հայոց ինքնութեան վերելքի ՝ Արցախեան ազգային-ազատագրական պայքարի 37-ամեակը։

37 տարի առաջ միահամուռ ոտքի կանգնելով, մենք ոգեկոչեցինք Արցախի եւ Հայաստանի վերամիաւորման, մեր տարածաշրջանին մէջ ազգային հզօր եւ խաղաղութիւն յարգող պետութեան ստեղծման կամքը, որմէ ետք կայացուցինք առաջին Արցախեան պատերազմին յաղթանակը, Արցախի Հանրապետութեան հռչակումը՝ ազգերու ինքնորոշման սկզբունքի կայացումը, ազրպէյճանին պարտադրեցինք հրադադար։ Յաջողութիւնը երկնուստ մերն էր, բայց շեղեցանք այդ կամքէն, որուն հետեւանքը 2020թ․ պատերազմի դառը պարտութիւնն էր, ՀՀ սահմաններու փոփոխութիւնը, 2023թ․ ազրպէյճանի ցեղասպանական գործողութիւնը, որուն հետեւանքը Արցախի հայաթափումն էր։

Կորուստը ջախջախիչ չէ եւ յաղթահարելու միակ ճանապարհը Փետրուար 20-ին նոր համախմբումն է, նոր յաղթանակներու կանխորոշումը։

Բագրատ Սրբազանի օրհնութեամբ եւ մասնակցութեամբ, Սրբազան պայքարի հանգրուանին, Փետրուար 20-ին՝ ժամը 17։30-ին, Ազատութեան հրապարակին վրայ կը սպասենք ձեզի՝ յանուն 1988թ․ կամքի վերադարձի, հայկական ինքնութեան, ինքնիշխան պետութեան եւ իրական խաղաղութեան»։