«Հրաժեշտի Աչքեր» եւ «Վերջին Կարմիր Շրթներկը» Գիրքերուն Շնորհանդէսը Երեւանի Մէջ

Հայաստան, Յօդուածներ – Զրոյցներ

«ԱՊԱՌԱԺ»

Փերտրուար 16-ին, Դուին հիւրանոցի դահլիճին մէջ կազմակերպուած գիրքի եւ արուեստի փառատօնին տեղի ունեցաւ արցախցի երկու կին գրողներ Հերմինէ Աւագեանի «Հրաժեշտի աչքեր» եւ Ծովինար Բարխուդարեանի «Վերջին կարմիր շրթներկը. Արցախեան օրագիր» գիրքերուն շնորհանդէսները:

Գիրքերուն գլխաւոր հովանաւորը «Ամրոց» ազգային զարգացման հիմնադրամն է։

Newmag-ի եւ Թովմասեան հիմնադրամին կողմէն յայտարարուած արցախեան հեղինակներու գրական մրցոյթին յաղթող Հերմինէ Աւագեանի հեղինակած «Հրաժեշտի աչքեր» ժողովածուն կը պատմէ արցախեան պատերազմի, լքուած հայրենիքի եւ անոր հետ կրկին հանդիպման անվերջ սպասման մասին։ Գիրքին հերոսները մարդիկ են, որոնք անցած են պատերազմներու մէջէն, տեսած են տեղահանութիւնն ու մահը։

Պատերազմ, հայրենազրկում ու ասոնցմէ ետք մնացած կորուստի ցաւ, խեղուած ճակատագրեր, կորսուած մանկութիւններ, խլուած երազներ։ Հայրենազրկուած մարդիկ իրար հետ կը հաղորդակցուին լռութեան լեզուով։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրի աչքերուն մէջ տուն վերադառնալու թախծոտ կարօտն է ու անասելի փափաքը։ Անոնց իսկ լռութեան մասին կը պատմէ Հերմինէ Աւագեանը։

Լրագրող Ծովինար Բարխուդարեանի գիրքին մէջ տեղ գտած են անոր՝ իբրեւ ականատես վկայութիւնները Արցախի հայաթափման վերաբերեալ։ Անիկա ոչ միայն պատմական փաստաթուղթ է, այլեւ յիշեցում՝ մարդկային ոգիի անկոտրում ուժի մասին: «Վերջին կարմիր շրթներկը» գիրքին մէջ հեղինակը ներկայացուցած է իր եւ 12 արցախցի կանանց պատմութիւնները:

Գիրքը կ՝ամբողջացնէ Արցախի ժողովուրդի ողբերգական պատմութիւնը՝ ներկայացնելով արցախցիներուն ամուր կամքն ու գաղթի մղձաւանջային ճանապարհը՝ այդ ամէնը վերապրած կանանց փաստական վկայութիւններուն միջոցով։

Գիրքերու շնորհանդէսը եզրափակուեցաւ «Արցախի ձայներ» խումբին կատարումներով։

«Հորիզոն»ի Խմբագրական