
ազրպէյճան Ռուբէն Վարդանեանի Դէմ Շինծու Նոր Մեղադրանք Մը Ներկայացուց
ազրպէյճան նոր «մեղադրանք» մը ներկայացուց պաքուի մէջ անօրինաբար պատանդ պահուող Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի դէմ։ Այս մասին յայտնեցին ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Վարդանեան այժմ «կը մեղադրուի նաեւ արտասահմանի մէջ ազրպէյճանցի դիւանագէտներու դէմ «Նեմեսիս-2» ահաբեկչական գործողութեան նախաձեռնելուն մէջ»: Յաջորդ դատական նիստը տեղի պիտի ունենայ 17 Փետրուարին:
Կեղծ դատավարութեան ընթացքին, Վարդանեան յայտարարեց, որ կը հրաժարի ազրպէյճանցի պաշտպանէն, եւ որ իր իրաւունքները պիտի պաշտպանէ միայն պայմանագիրով իր փաստաբան Էպրըհեմ Պըրմըն:
Յիշեցնենք, որ Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչները եւ քաղաքացիները Պաքուի դատարանին մէջ կը մեղադրուին «ահաբեկչութեան», «ռազմական յանցագործութիւններու», «ցեղասպանութեան» եւ այլ «յանցանքներու» մէջ: