
Փարիզի Քաղաքային Խորհուրդը «ազրպէյճանի Մէջ Ձերբակալուած ԼՂ Առաջնորդներու Մտահոգիչ Իրավիճակին Վերաբերեալ» Կոչ Ընդունած է
Փետրուար 13-ին Փարիզի քաղաքային խորհուրդը միաձայն ընդունած է «ազրպէյճանի մէջ ձերբակալուած ԼՂ նախկին առաջնորդներու մտահոգիչ իրավիճակին վերաբերեալ» կոչ։ Այս մասին կը յայտնեն Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն։
Փարիզի քաղաքապետին հրաւէրով կոչի ընդունման ներկայ եղած է նաեւ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Արման Խաչատրեան։ Կոչը յղում ըրած է քաղաքապետ Անն Հիտալկոյի՝ Հայաստան կատարած այցերուն եւ հայ ժողովուրդին հետ վերջինիս անմնացորդ համերաշխութեան, վերաhաստատած է Փարիզի քաղաքային խորհուրդի լիակատար աջակցութիւնը Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին։
Նշուած կոչով, անդրադառնալով ԼՂ նախկին առաջնորդներու ձերբակալման յանգամանքներուն, ազրպէյճանի մէջ անոնց պահման պայմաններուն եւ անոնց դէմ առաջադրուած շինծու մեղադրանքներուն, Փարիզի քաղաքային խորհուրդը կը դատապարտէ ԼՂ նախկին առաջնորդներուն ապօրինի ձերբակալութիւնը եւ կեղծ դատավարութիւնները, կը պահանջէ անոնց ազատ արձակումը։
Կոչը Փարիզի քաղաքային խորհուրդի քուէարկութեան ներկայացուած է քաղաքապետի տեղակալ Առնօ Նկաչայի կողմէն։