Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կոչ Ըրած է Հետաքննելու Արցախի Ցեղական Զտման Մէջ Ամերիկեան Մեղսակցութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհաւորած է ԱՄՆ նախկին քոնկրեսական Թուլսի Կապպարտը՝ ազգային հետախուզութեան տնօրէնի պաշտօնին հաստատման առիթով եւ կոչ ըրած է համապարփակ հետաքննութիւն սկսելու ԱՄՆ հետախուզութեան, քաղաքականութեան եւ արտաքին օգնութեան ձախողումներուն վերաբերեալ, որոնք նպաստած են ազրպէյճանի կողմէ Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան ցեղասպանական ցեղական զտման։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակէն:

«Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը կ՝ողջունէ Կապպարտի այսօրուան հաստատումը եւ կոչ կ՝ընէ ապահովելու, որ Միացեալ Նահանգները լիովին գնահատէ իր դերը Արցախի հայ բնակչութեան դէմ ազրպէյճանի ցեղասպան արշաւին վերաբերեալ, ատիկա ըլլայ բացթողումներու կամ յանձնարարականներու միջոցով, որոնք օգնած, խթանած կամ քաջալերած են ազրպէյճանը»,- նշած է Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:

Կապպարտին ուղղուած իր շնորհաւորական նամակին մէջ յանձնախումբը նաեւ ընդգծած է հետախուզութեան քաղաքականութեան պաշտօնական վերագնահատման կարեւորութիւնը, հասկնալու համար թէ ինչպէս է ԱՄՆ քաղաքականութիւնը, օրինակ՝ ռազմական օգնութիւնը ազրպէյճանին, կը նպաստէ անոր ռազմական յանցագործութիւններուն: «Ինչպէս գիտէք, Հաուայեան կղզիներուն եւ ամբողջ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական ծագում ունեցող ամերիկացիները երկար ժամանակ աջակցած են ձեր ջանքերուն՝ ուղղուած վայրագութիւններու կանխարգիլման, մարդու իրաւունքներու եւ մեր համայնքի ու գոալիցիոն գործընկերներու համար յատուկ մտահոգութիւն ներկայացնող այլ հարցերու վերաբերեալ: Մենք խորապէս երախտապարտ ենք ԱՄՆ-ի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման եւ, ի հարկէ, Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) բնիկ հայ քրիստոնեաներու ժողովրդավարական ձգտումներուն ձեր աջակցութեան համար․․․ Մենք պատրաստ ենք աջակցելու ԱՄՆ-ի բացթողումներու եւ յանձնաժողովի անյաջողութիւններու հետաքննութեան, որ օգնեց, աջակցեցաւ կամ քաջալերեց ազրպէյճանը հետապնդելու իր ցեղասպան ծրագրերը Արցախի խաղաղ հայ բնակչութեան դէմ»,- նշուած է Հայ Դատի յանձնախումբի նամակին մէջ։

Հայկական հարցերու մէջ Կապպարտի հետեւողականութիւնը եղած է անսասան։ Իբրեւ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ ան հովանաւորած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը եւ 2017 թ․ մեկնած է Արցախ, ուր անձամբ ականատես եղած է ազրպէյճանական յարձակման դէմ հանդիման՝ տեղի ժողովուրդի տոկունութեան։ 2020 թ․ ան դատապարտած է թուրքիոյ դերը Արցախի դէմ պատերազմ հրահրելու գործին՝ յայտարարելով․ «թուրքիան Ալ-Քաիտայի հետ կապուած անձեր կ՝ուղարկէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը ոչնչացնելու համար»։

Հայ Դատի յանձնախումբը կը շարունակէ կոչ ընել Թրամփի վարչակազմին՝ կիրառելու «Ազատութեան աջակցութեան ակտ»-ի 907-րդ յօդուածը, որ կ՝արգիլէ ԱՄՆ ռազմական օգնութիւնը ազրպէյճանին, ինչպէս նաեւ կիրառելու Մակնիցգիի պատժամիջոցներ՝ ռազմական յանցագործութիւններուն համար պատասխանատու ազրպէյճանցի պաշտօնեաներուն հանդէպ: Յանձնախումբը նաեւ ԱՄՆ կառավարութեան կոչ կ՝ընէ ճնշում գործադրելու ազրպէյճանի վրայ, որպէսզի անյապաղ ազատ արձակուին հայ ռազմագերիները եւ բացառութիւն սահմանուի օտարերկրեայ օգնութեան ֆինանսաւորման ներկայիս սառեցման հարցով՝ որպէսզի Արցախի ցեղասպանութիւնը վերապրածները կարենան համապատասխան օգնութիւն ստանալ»: