Ֆրանսայի Ծերակոյտէն Ներս Հայերու՝ Լեռնային Ղարաբաղ Վերադարձին Վերաբերեալ Համաժողով Տեղի Ունեցած է

Աշխարհ, Հայաստան

«Համերգ յանուն Հայաստանի մէջ խաղաղութեան» ընկերակցութիւնը Ֆրանսայի Ծերակոյտէն ներս կազմակերպած էր «Հայ ժողովուրդը եւ իր հողերը վերադառնալու իրաւունքը» թեմայով համաժողով։ Անցեալ տարի Ֆրանսայի Ծերակոյտը ընդունեց միջկուսակցական բանաձեւ, որ կը դատապարտէր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ազրպէյճանի ռազմական յարձակումը։

Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի անդամ, ծերակուտական Մարի-Տօ Էշլիմանը յայտարարած է, որ գաղափարը Արցախը (Լեռնային Ղարաբաղ) բանավէճի կեդրոն բերելն է:

Ձեռնարկին ներկայ եղած է նաեւ Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամպոն: Համաժողովին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղ հայերու «անվտանգ վերադարձի իրաւունքը» եւ «Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչումը»։ «Եւ ինչպէ՞ս կրնայ Ծերակոյտը հայերու հետ միասին աջակցիլ այս շարժման»,- յայտարարած է ծերակուտականը:

Ֆրանսայի Ծերակոյտը անցեալ տարի 2023 թուականի Սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ազրպէյճանի ռազմական յարձակումը դատապարտող եւ «ազրպէյճանական պաշտօնեաներու դէմ եւրոպական մակարդակով պատժամիջոցներու վարչաձեւ սահմանելու եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան յետագայ յարձակումն ու ոտնահարումը կանխելու մասին բանաձեւ ընդունեց՝ ՀՀ-ին պաշտպանական միջոցներ տրամադրելով»:

2022 թուականի աշնան Ծերակոյտը առաջարկուող բանաձեւ ընդունեց ուղղուած «ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ սահմանելուն եւ Հայաստանի տարածքէն անոր անյապաղ դուրսբերումը պահանջող՝ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի համաձայնագրի կատարումը ապահովելու համար»։