
Թրամփը Խոստացած Է Պաշտպանել Հայաստանի Քրիստոնեաները․ Washington Post-ի Սիւնակագիրը Խորհուրդ Կու տայ Ռուբէն Վարդանեանէն Սկսիլ
ABCmedia.am
The Washington Post-ը հրապարակած է սիւնակագիր Տէյւիտ Իգնատիուսի յօդուածը, որ նուիրուած է Արցախի նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանին։
«Տանըլտ Թրամփը խոստացած է պաշտպանել Հայաստանի քրիստոնեաները։ Ան կրնայ սկսիլ Ռուբէն Վարդանեանով։ Ես կ՝ուզեմ պատմել Ռուբէն Վարդանեան անունով մարդու մը ծանր վիճակին մասին, որ ազրպէյանի մէջ դատապարտուած քաղաքական բանտարկեալ է եւ որուն ցմահ ազատազրկում կը սպառնայ, որուն գործը արժանի է աւելի մեծ ուշադրութեան»,- գրած է Իգնատիուսը:
Յօդուածագիրը յիշեցուցած է, որ Վարդանեանի դատավարութիւնը սկսած է մէկ շաբաթ առաջ պաքուի մէջ։ ազրպէյճանը անոր դէմ ներկայացուցած է 46 մեղադրանք՝ «ահաբեկչութենէն մինչեւ կազմակերպուած յանցագործութիւն»։ Սակայն իրականութեան մէջ, ըստ յօդուածագիրի, անոր հետ կապուած հարցը կապուած է 2022 թուականին Ղարաբաղ տեղափոխուելուն եւ այնտեղ պետնախարար դառնալու որոշման հետ։
Իգնատիուսը անդրադարձած է նաեւ 2022 թուականի Դեկտեմբերէն ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման, ինչպէս նաեւ 2023 թուականի Սեպտեմբերին ռազմական ներխուժման եւ հայ բնակչութեան բռնի տեղահանման մասին։