«Արեւի Մարդիկ» Ներկայացումը Կամուրջ Մըն է, որ Մեր Սրտերը Կը Միացնէ Արցախի Հետ

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Հերմինէ Աւագեանի «Վազում եմ, սպասի՛ր…» գիրքի պատմութիւններուն հիման վրայ, բեմադրիչ Ռուզաննա Խաչատրեանի կողմէ՝ Յակոբ Պարոնեանի անուան թատրոնին մէջ՝ բեմադրուած «Արեւի մարդիկ» ներկայացումը Յունուար 30-ին ունեցաւ իր անդրանիկ ներկայացումը։

Այս ներկայացումը կը պատմէ արեւի մարդոց մասին, որոնք խաղաղ կ՝ապրէին իրենց արեւոտ հայրենիքին մէջ՝ ներդաշնակ բնութեան գեղեցկութեան եւ մարդկային հոգատարութեան։ Անոնց կեանքը լեցուած էր սիրով, ծիծաղով, երազանքներով եւ յոյսով։ Սակայն այդ ներդաշնակութիւնը կը խաթարուի, երբ պատերազմի ստուէրը կը ծանրանայ անոնց վրայ՝ խլելով խաղաղութիւնը եւ ստիպելով բախիլ կեանքի դաժան իրականութեան։

«Արեւի մարդիկ» ներկայացումը հանդիսատեսը կը տանի Արցախի հեռաւոր ու գողտրիկ գիւղ մը, ուր արեւը այնքան մօտ կը ծագի, որ կը թուի՝ կ՝արթննայ ու կը քնանայ մարդոց սրտերուն մէջ։ Այնտեղ՝ Արեւաշէնի մէջ, կողք կողքի կը բնակէին մարդիկ, իրենց ցաւերով, կորուստներով, կամակորութեամբ ու միամտութեամբ։ Բայց նոյն պահուն, այդ վայրին մէջ կ՝արթննային անկեղծ հումորը, ապրելու ու արարելու անսպառ կամքը։ Այս գիւղին մէջ թաքնուած է Արցախի դիմագիծը՝ իր  գեղեցիկ հմայքով, դաժան ճակատագրով ու ապրելու հանդէպ անսպառ հաւատքով։ Ներկայացումը կը պատմէ կեանքի մասին, ուր միահիւսուած է հաւատարմութիւնը սեփական հողին։

Թէեւ Արցախը շատերու համար կը նոյնացուի ռազմադաշտի հետ, սակայն «Արեւի մարդիկ» ներկայացումը կը յիշեցնէ, որ Արցախը առաջին հերթին լուսաւոր հայրենիք է՝ բնօրրան, ուր կ՝ապրէին խենթ ու կրակ, միամիտ ու պարզ, ուրախ ու ժրաջան մարդիկ։ Հանդիսատեսը իւրաքանչիւր դերակատարի խաղին մէջ, իւրաքանչիւր դրուագի մէջ կը գտնէ իրեն հարազատ յիշողութիւններ, մարդոց ու կեանքի պատմութիւններ։

Ներկայացման շեշտադրումը դրուած է գիւղական կենցաղին եւ մշակոյթին վրայ, սակայն անիկա չի շրջանցեր նաեւ պատերազմի թեման։

Ծիծաղի տակ թաքնուած արցունքներ, յուզմունք ու կարօտ՝ այս բառերը ամենաճիշտը կը նկարագրեն ներկայացումը։

«Արեւի մարդիկ» ներկայացումը հանդիսատեսին հնարավորութիւն կու տայ վերադառնալու Արցախ՝ տեսնելու անոր պայծառութիւնը եւ լսելու անոր ձայնը։ Այսօր, երբ Արցախի մասին խօսիլը աւելի կարեւոր է, քան երբեւէ, «Արեւի մարդիկ» ներկայացումը կը դառնայ կամուրջ մը, որ կը միացնէ մեր սրտերը Արցախի հետ։ Այն կը յիշեցնէ մեզի, որ Արցախը մեր հոգիին մասն է, եւ որ արեւը, որ կը ծագէր Արցախի մէջ, միշտ պիտի ըլլայ մեր սրտերուն մէջ։

«Աշխարհի համար մենք ընդամէնը մի փոքրիկ բզեզ ենք, բը՜զզ, բըզզում ենք ու անցնում։ Ու միայն այստեղ է, որ արեւը մեր բըզզոցից է արթնանում․․․Բը՜զզ-բը՜զզ․․․

Իրիքնեակը տուսա եկալ․․»

Ներկայացումը բեմադրուած է նաեւ Յունուար 31-ին, Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական կատակերգական պետական թատրոնին մէջ։

Վահագն Խաչատրեան

«ԱՊԱՌԱԺ»

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը