Չկայ Աշխարհի Վրայ Որեւէ Օրէնք, Որմով Հնարաւոր Ըլլայ Արդարացնել Հայերու Բանտարկութիւնն ու Նուաստացումը պաքուի Մէջ. Մամիջանեան (տեսանիւթ)

Աշխարհ, Հայաստան

ԱԺ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեանի ելոյթը՝ ԵԽԽՎ լիագումար նիստին․

«Տիկնա’յք եւ պարոնայք,

Նոր աշխարհակարգի հաստատման համար աշխարհի բոլոր ազգերն ու երկիրները ստիպուած են որեւէ գին վճարել։ Հայերը այդ գինը վճարեցին ցեղասպանութեան ենթարկուելով 20-րդ դարու սկիզբը Օսմանեան կայսրութեան մէջ, այնուհետեւ նացիզմի դէմ պայքարին՝ աւելի քան 300,000 զինուորի կեանքով։ Այդ ամէնը նախորդ աշխարահակարգի հաստատման մեր վճարած գինն էր։

Մենք շատ սուղ գին վճարած ենք նաեւ նոր ձեւաւորուելիք աշխարհակարգի համար, երբ 2020 թուականին առերեսուեցանք ազրպէյճանական հերթական յարձակման, իսկ յետոյ արդէն ցեղական զտման Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Ասիկա չափազանց սուղ գին է մեր ազգին համար։

Մեզմէ բոլորը այստեղ օրէնսդիր մարմնի ներկայացուցիչներ են, եւ մենք քաջատեղեակ ենք, որ օրէնքի առանցքը, կեդրոնը մարդիկ են, մարդ արարածը, որ կը հաւատայ այդ օրէնքի ուժին։ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը կը հաւատար միջազգային իրաւունքի ուժին, բայց ցաւօք Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնն ու աշխարհը խաբեցին ու դաւաճանեցին՝ ձգելով մեն-մենակ բռնակալներու դէմ պայքարին մէջ։

Աշխարհը պէտք չէ թոյլ տայ, որ պատմութիւնը կրկնուի. նոր աշխարհակարգը պէտք է հիմնուած ըլլայ արժէքներու ու օրէնքներու վրայ, այլ ոչ թէ քարիւղի ու աշխարհաքաղաքական շահերու վրայ։ Կրնաք ըսել, որ ես երազող եմ, բայց ես կը հաւատամ, որ միակը չեմ։

Չկայ աշխարհի վրայ որեւէ օրէնք, որմով հնարաւոր ըլլայ արդարացնել հայերու բանտարկութիւնն ու նուաստացումը պաքուի մէջ։ Չկայ աշխարհի վրայ որեւէ օրէնք, որմով հնարաւոր ըլլայ արդարացնել Լեռնային Ղարաբաղի հայերու բռնի տեղահանութիւնը իրենց հայրենիքէն։ Չկայ աշխարհի վրայ որեւէ օրէնք, որ արդարացնէ ամէն օր ազրպէյճանի յարձակման վտանգի, սպառնալիքներու եւ ատելութեան մթնոլորտի մէջ ապրիլը։

Մենք՝ հայերս, Քրիստոնեայ աշխարհի դռնապաններն ենք։ Մենք պէտք չէ մինակ մնայինք։ Հաւատացէք՝ մենք աշխարհի օգնութեան ու աջակցութեան կարիքը ունինք»։