Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Ուղերձը Հայոց Բանակի 33-րդ Տարեդարձին Առիթով

Հայաստան

Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ․ ուղերձ յղած է Հայոց բանակի օրուան առիթով՝ ընդգծելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան եւ մեր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան սրբազան գործին մէջ անգնահատելի է Հայոց բանակին դերն ու վաստակը։ Այս մասին նշուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

«Հայոց բանակի օրուան առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն Հայրապետական Մեր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները կը բերենք մեր բանակի սպաներուն ու զինուորներուն եւ համայն մեր ժողովուրդին:

«Մեր նորանկախ պետականութեան եւ մեր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան սրբազան գործին մէջ անգնահատելի է Հայոց բանակին դերն ու վաստակը։ Այսօր մեր պետութեան առջեւ ծառացած լրջագոյն անվտանգային մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ հրամայական է մեր բանակին առաւել հզօրացումը, որպէսզի մեր զօրականները բարձր մարտունակութեամբ եւ իրենց անսասան ոգիով շարունակեն հայրենեաց պաշտպանութեան նուիրական առաքելութիւնը։ Զինուորականներու արիասիրտ ծառայութեան եւ սխրանքներու ամուր հիմքը միշտ եղած է եւ պիտի մնայ հայրենիքի հանդէպ սէրն ու նախանձախնդրութիւնը, ազգային արժէքներու նկատմամբ հաւատարմութիւնը։

Կ՝աղօթենք յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան նահատակուած քաջորդիներու հոգիներու հանգստութեան համար։

Կը հայցենք, որ Ամենակալն Աստուած Իր Սուրբ Աջի հովանիին տակ պահպանէ Հայոց բանակի զինուորներն ու հրամանատարական կազմը, ապահովութիւն ու բարօրութիւն պարգեւէ մեր հայրենիքին եւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին։

Թող Աստուծոյ խաղաղութիւնը եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհները ըլլան մեզի եւ ամէնքի հետ այսօր եւ միշտ. ամէն»։

https://armenpress.am/hy/article/1210595