Ի Հակազդումն Տգիտութեան. Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակի Յայտարարութիւնը

Հայաստան, Սփիւռք

Օրեր առաջ զուիցերիահայ համայնքի քանի մը անդամներու հետ հանդիպման ընթացքին՝ Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը իրեն թոյլ տուած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ անընդունելի պնդումներ, որոնք իրենց էութեամբ այլ բան չեն, քան թրքական ժխտողականութեան այնպիսի անպիտան թեզեր, որոնք տասնամեակներ շարունակ մերժուած են ոչ միայն Հայաստանի եւ համայն հայութեան, այլեւ միջազգային յառաջադէմ հանրութեան, տասնեակ պետութիւններու, ոլորտի յառաջատար գիտնականներու, մասնագիտական կազմակերպութիւններու, եւ նոյնիսկ բազմաթիւ թուրք մտաւորականներու կողմէ։

Հայոց Ցեղասպանութեան էութեան նենգափոխումը, կատարուած ոճրագործութեան մասշտապներու մեղմացումը, Հայոց Ցեղասպանութեան խնդրի միջազգայնացման դէմ արշաւը եւ տարատեսակ այլ շահարկումները նախ եւ առաջ անարգանք են անմեղ զոհերու յիշատակին։ Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարի ցնորամիտ ելոյթները անարգանք են նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը տասնամեակներ շարունակ հետազօտող հայ եւ օտար գիտնականներու, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման համար պայքարած հարիւրաւոր մարդասէրներու, այդ ոճրագործութիւնը ընդունած տասնեակ պետութիւններու համար։

Ակնյայտ է, որ Հայաստանի վարչապետը կ՝իրականացնէ արդէն ոչ թէ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումէն հրաժարելու, այլ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութիւն։

Եթէ չըլլար մեր ժողովուրդի, հասարակական-քաղաքական եւ ակադեմիական լայն շրջանակներու ցասումն ու արհամարհանքը յիշեալ պնդումներուն վերաբերեալ, հաւանաբար անհրաժեշտ ըլլար, իբրեւ հակազդում փաշինեանական տգիտութեան, անդրադառնալ 1939 թ․ «ցեղասպանութիւն» եզրոյթի բացակայութեան, կամ աւելի ուշ, 1943-1944 թթ․ Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ այդ եզրոյթի ստեղծման՝ որ Լեմքինի համար դարձած էր անհրաժեշտութիւն դեռ 1921 թուականէն՝ էապէս ազդուած Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութենէն եւ նկարագրելու նոյնինքն հայութեան դէմ կատարուածը։ Առաւել, Լեմքինի իսկ վկայութեամբ, հայկական շարք մը կազմակերպութիւններ եւ հայ անհատներ կարեւոր ներդրում ունեցած են այդ ժամանակ նոր ձեւաւորուած ՄԱԿ-ի կողմէ Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին համաձայնագրի 1948 թ.-ին որդեգրման, եւ ապա՝ տարբեր պետութիւններու կողմէ վաւերացման գործին մէջ։ Եթէ Փաշինեանի հանդէպ լրջութեան որեւէ նշոյլ մնացած ըլլար, հաւանաբար անհրաժեշտութիւն ըլլար ընդգծելու Հայոց Ցեղասպանութեան բացառիկ փաստագրուածութիւնը, անդրադառնալ նաեւ այն հսկայական գիտական, հանրային ու քաղաքական աշխատանքներուն, որ մինչեւ երկրորդ աշխարհամարտի սկիզբն ու անոնցմէ ետք կատարուած են հայկական ջարդերու ուսումնասիրութեան, խնդրի միջազգային հանրահռչակման ու կանխարգիլման ուղղութեամբ, սկսած 1890-ական թթ․ համիտեան ջարդերէն, քանի որ արդէն 19-րդ դարավերջէ ու 20-րդ դարասկիզբէն, նոյնիսկ մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու մէջ հասարակական-քաղաքական լայն շրջանակներն ու տեղական մամուլը կը խօսէին իր հայրենիքին մէջ հայութեան դէմ սկիզբ առած բնաջնջման քաղաքականութեան մասին։ Նաեւ նոյնի՛նքն այդ պայքարին իբրեւ արդիւնք էր, որ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ հայութեանն առնչուող հարցերը արծարծելու համար ՀՅ Դաշնակցութիւնը Ֆրանսայի, Շուէտի, Միացեալ Թագաւորութեան, ԱՄՆ-ի մէջ եւ այլուր ստեղծեց ու օժանդակեց շարք մը կազմակերպութիւններու աշխատանք, որոնք ալ յետագային գաղափարաքաղաքական հիմք հանդիսացան Հայ Դատի համակարգի ստեղծման համար։

Կիսագրագիտութեամբ համեմուած տգիտութեան հերթական դրսեւորման ընթացքին, փաշինեանը կը փորձէ կրկնել այն ինչ նախապէս ըսած է, թէ իբր մենք դուրսէն, «ինչ որ մէկուն միջոցով ընկալած ենք» մեր պատմութիւնը։

Աւելին, երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք ձեւաւորուած միջազգային յարաբերութիւններու համակարգը խիստ տարբեր էր նախապատերազմեայ ժամանակահատուածէն եւ տրամաբանական է, որ հայ ժողովուրդը, օգտուելով ստեղծուած իրավիճակէն աւելի մեծ թափով սկսաւ հետապնդել Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգայնացման խնդիրը՝ թէ՛ հայրենիքի մէջ, թէ՛ Սփիւռքի։ Եթէ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան օրօք եւ յառաջիկայ տասնամեակներուն, միջազգային իրաւունքի մէջ ցեղասպանութեան յանցագործութեան որակման բացակայութեան պայմաններուն մէջ հայութեան աշխատանքը կեդրոնացած էր թուրքիոյ կողմէ գրաւուած եւ միջազգային պայմանագրերով Հայաստանին պատկանող տարածքներու վերադարձին վրայ, ապա յատկապէս 1952 թ.-էն ետք, երբ արդէն ուժի մէջ մտած էր ՄԱԿ-ի կողմէ Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին համաձայնագիրը, երբ թուրքիոյ կողմէ նոր թափ առած էր 1915-1923 թթ. հայութեան հանդէպ գործուած մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները ժխտելու քաղաքականութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւս դարձաւ հայութեան օրակարգի հարց։

Ակնյայտ է, որ Հայաստանի վարչապետը, որ իր իշխանութեան երկարաձգման գործին մէջ մասնաւորապէս կը յենուի տարբեր ուժային կեդրոններու վրայ, վերջիններուս աջակցութեան կորուստի մօտալուտ վտանգը զգալով, սկսած է դաշնակիցներ փնտռել թշնամական շրջանակներու մէջ եւ ներհայկական խօսոյթ ներմուծել այնպիսի գաղափարներ, որոնք, ինչպէս վերը նշեցինք, տասնամեակներ շարունակ մերժուած է քաղաքակիրթ աշխարհին կողմէ։ փաշինեանի անցած վեց եւ աւելի տարիներու վարքի տարբեր երեսներուն կարելի է տալ իրաւական եւ / կամ բժշկական տարբեր գնահատականներ, սակայն այս՝ հայութեան ու Հայաստանի դէմ թշնամական վարքագիծով պետութիւններու հանդէպ իր հաւատարմութիւնը կարելի է բնորոշել նաեւ «ստոքհոլմեան համախտանիշով» (Երբ զոհը կը սկսի համակրանք տածել յարձակողի հանդէպ, Stockholm syndrome)։ Այս հաւանական բացատրութիւնը չի մեղմացներ փաշինեանի յանցագործութիւնը հայոց պետականութեան ու պետութեան նկատմամբ, այլ յաւելեալ անգամ կ՝ընդգծէ, որ վարչապետի աթոռին նստած փաշինեանը սխալ տեղ է։

Միջանկեալ նշենք, որ Հայաստանը տեւական ժամանակահատուած, սկսած 1990-ականներու վերջէն, բայց յատկապէս ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ծիրէն ներս, միջազգային յարաբերութիւններու մէջ դիրքաւորուած է որպէս ցեղասպանութեան յանցագործութեան դէմ պայքարի առաջամարտիկ պետութիւն՝ էականօրէն բարելաւելով այդ յանցագործութեան վաղ ազդարարման ու կանխարգիլման միջազգային իրաւաքաղաքական մեքենականութիւնները։ Սակայն, Հայասատանի վարչապետի այս եւ նման յայտարարութիւնները նաեւ կը հարուածեն այդ աշխատանքին։

Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ նման յայտարարութիւններու պայմաններուն մէջ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու միջազգային ցանցը պարբերաբար կ՝առերեսուի յաւելեալ խնդիրներու, որոնց պայմաններուն մէջ էապէս կը դժուարանան հայկական շահերու պաշտպանութեան ուղղութեամբ աշխատանքները։ Պէտք է նկատել, որ նման յայտարարութիւնները Հայ Դատի ցանցին կը խանգարեն աւելի շատ, քան ազրպէյճանաթրքական սադրանքները, վարձու լոպպիստներն ու ամէնուր տարածուող հակաքարոզչութիւնը։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
27 Յունուար 2025 թ․