Իրենք Պարզապէս Հայութեան ու Հայաստանի Թշնամիներն Են․ Վաչէ Բրուտեան
Հրապարակագիր Վաչէ Բրուտեան Facebook-ի իր էջին վրայ կը գրէ․
Միջին հայը, երբ լսեց գերագոյն գլխաւոր պատուհասին «տիեզերացունց» յայտարարութիւնը, թէ «ի վերջոյ պէտք է հասկնանք թէ ի՞նչ պատահեցաւ 1915-ին», մ՛ղուեցաւ մտածելու՝ «աս մարդը ապո՞ւշ է, չի՞ գիտեր թէ ինչ պատահեցաւ»…Կարգ մը ցեղասպանագէտներ ալ (ինչպէս՝ Սուրէն Մանուկեան) սպառիչ կերպով, լուրջ-լուրջ եւ ըստ էութեան բացատրեցին այդ յայտարարութիւնը կատարողին, թէ ինչ պատահած է… Այդ բացատրութիւնները ճիշդ էին, բայց… անտեղի։
Որովհետեւ գերագոյն գլխաւոր պատուհասը շատ լաւ գիտէ, թէ «ի՞նչ պատահեց եւ ինչո՞ւ պատահեց» 1915-ը. այդ մասին ինք շատ ճշգրտօրէն բացատրած է 2021-ի Ապրիլ 24-ի իր խօսքին մէջ։
Սա ի՞նչ հանելուկ է, կը մտածէ միջին հայը։
Շատ պարզ է. ազգին պատուհասը պարզապէս առաջ կը մղէ… թրքակա՛ն տեսակէտները Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։ Վաղուց ըսուած է, թէ ինք ու իր վարչախումբը կը ներկայացնեն, առաջ կը մղեն ու կը պաշտպանեն թրքակա՛ն օրակարգերը։
Ինք ու իր ջոլիրը դաւաճան չեն։ Իրենք պարզապէս հայութեան ու Հայաստանի թշնամիներն են։ Ըստ այնմ վարուեցէք ու դատեցէք։
