Զուիցերիոյ Խորհրդարանի Վերին Պալատը Եւս Ընդունեց Արցախահայութեան Վերադարձին Շուրջ Միջազգային Համաժողով Հրաւիրելու Բանաձեւը

Աշխարհ, Հայաստան

Զուիցերիոյ Խորհրդարանի վերին պալատի՝  արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը Յունուար 21-ին ընդունած է արցախահայութեան վերադարձին շուրջ միջազգային համաժողով հրաւիրելու բանաձեւը։ Այս մասին «Եռագոյն»-ը կը տեղեկանայ «Ապառաժ»-էն։

Յիշեցնենք, որ նախորդ տարուան Դեկտեմբեր 17-ին, Ազգային Խորհուրդի ստորին պալատի` արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը ընդունեց այս բանաձեւը։

Այնուհետեւ, ստորին պալատը կողմ քուէարկեց այդ նախագիծին։ Կանտոններու խորհուրդի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի 6 կողմ, 1 դէմ, 2 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ ընդունուած այս բանաձեւը պիտի անցնի արդէն վերջնական փուլ։

Դրական արդիւնքի պարագային բանաձեւը պիտի ստանայ օրէնքի ուժ եւ դաշնային խորհուրդը (գործադիրը) պիտի պարտաւորուի արդէն անկախ իր կամքէն եւ դիրքորոշումէն զբաղելու համաժողովի կազմակերպմամբ։