
Մեր Հայրենակիցներուն «Դատավարութիւն»ները ազրպէյճանական Իշխանութիւնը Պիտի Օգտագործէ` Հայ Ժողովուրդի Արժանապատւութեան Հաշուին Ինքնահաստատուելու, Մեր Ազգային Գիտակցութիւնը Նսեմացնելու Համար․ Արման Թաթոյեան
ՀՀ մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան կը գրէ․
«Ռուբէն Վարդանեանի, Բակօ Սահակեանի եւ մեր միւս հայրենակիցներուն վերաբերեալ «դատավարութիւն»ները ազրպէյճանական իշխանութիւնը պիտի օգտագործէ` հայ ժողովուրդի արժանապատւութեան հաշուին ինքնահաստատուելու, մեր ազգային գիտակցութիւնը նսեմացնելու, մեր մէջ լարուածութիւնն ու պառակտումը խորացնելու նպատակով:
Այդ «դատավարութիւն»ները ազրպէյճանական իշխանութեան անհրաժեշտ են իր քաղաքական կեղծ թէզերը օրինականացնելու, Արցախի մէջ ցեղական զտումներէն մաքրուելու, Հայաստանի նկատմամբ յարձակման հիմքեր ստեղծելու համար:
Ուստի, պէտք չէ թոյլ տանք, որ ազրպէյճանական այդ քարոզչութիւնը տարածուի մեր հասարակութեան մէջ:
Պէտ6ք է յիշենք, որ մեր հայրենակիցները ազրպէյճանական բանտերուն մէջ պատանդ են, իսկ բոլոր ցուցմունքները կորզուած են` անմարդկային տանջանքներու ենթարկելով զանոնք եւ «ամրապնդուած» են արհեստական պատմութիւններով: Այս «դատավարութիւն»ները մեր ազգային ողբերգութիւնն են»: