
Հայ Բոլոր Պատանդներու Իրաւունքներու Պաշտպանութիւնն ու Հայրենիք Վերադարձը Կը Մտնեն ՀՀ Պետական Մարմիններու Իրաւական ու Բարոյական Պարտաւորութիւններուն Մէջ. Արցախի ԱԺ
16 հայ պատանդներու նկատմամբ ազրպէյճանի կողմէ սկսող ապօրինի ու կեղծ դատավարութեան վերաբերեալ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի յայտարարութիւնը․
Մենք՝ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներս, խոր մտահոգութեամբ եւ վրդովմունքով կ՝անդրադառնանք ազրպէյճանի տարածքին մէջ ապօրինի կերպով պահուող 16 հայ պատանդներուն նկատմամբ սպասուող կեղծ «դատավարութեան»։ Ասիկա գործընթաց մըն է, որը նպատակ ունի փոշիացնելու անոնց հիմնարար իրաւունքներն ու ընդգծելու ազրպէյճանի կողմէ օրէ օր ուժգնացող հայատեաց քաղաքականութիւնը:
•Այդ «դատավարութիւն»ը, որ կ՝իրականացուի առեւանգուած եւ ապօրինի կերպով ու անմարդկային պայմաններու մէջ պահուող հայերու դէմ՝ ակնյայտ շինծու մեղադրանքներով եւ բազմաթիւ ընթացակարգային իրաւախախտումներով, չի կրնար օրինական ու արդարացի համարուիլ։ Աւելին, նման գործընթացներով ազրպէյճանական վարչակազմը ուղղակիօրէն կը փորձէ օրինականացնել ցեղասպանական քաղաքականութիւնը, որ արդէն երկար տարիներ կը վարէ բոլոր հայերու եւ յատկապէս Արցախի ժողովուրդին հանդէպ։
Մենք կ՝ակնկալենք մարդու իրաւունքներով եւ տարածաշրջանային խաղաղութեամբ մտահոգ պետութիւններէն, միջազգային կառոյցներէն, իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններէն, որ գործնական քայլեր պիտի ձեռնարկեն՝ նպաստելու բոլոր պատանդներու անյապաղ ազատ արձակման։ Կոչ կ՝ընենք միջազգային հանրութեան բոլոր դերակատարներուն չեզոք դիրքորոշման փոխարէն որդեգրելու յստակ եւ սկզբունքային մօտեցում, որմով պիտի դատապարտուի ազրպէյճանի հակամարդկային քաղաքականութիւնը եւ պիտի կանխուի ապօրինի դատավարութեան իրականացման ցանկացած փորձ։
Կ՝ակնկալենք նաեւ ՀՀ իշխանութիւններէն, որ հետեւողականօրէն ու վճռականօրէն պիտի բարձրացնեն այս հարցը բոլոր համապատասխան ատեաններուն եւ բանակցութիւններուն մէջ։ Հայ բոլոր պատանդներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն ու հայրենիք վերադարձը կը մտնեն ՀՀ պետական մարմիններու իրաւական ու բարոյական պարտաւորութիւններուն մէջ:
Կոչ կ՝ընենք մեր հայրենակիցներուն առաւելագոյն զգօնութիւն ցուցաբերելու տեղեկատուական-հոգեբանական սադրանքներու հանդէպ, որոնք կ՝ակնկալեն լրացուցիչ չափով խարխլել ազգային միասնականութիւնը։ Կը հորդորենք չտարածել ազրպէյճանական թէզերը հայկական տեղեկատուական դաշտին մէջ եւ թիրախ չդարձնել մեր հայրենակիցները այն ցուցմունքներուն կամ յայտարարութիւններուն համար, որոնք կրնան կատարուիլ անմարդկային բռնաճնշումներու ներքոյ։ Կը յիշեցնենք, որ պատանդներու ցանկացած յայտարարութիւն կամ ցուցմունք կրնայ խեղաթիւրուիլ ազրպէյճանի քարոզչամեքենային կողմէ, ուստի անհրաժեշտ է բարձր զգօնութիւն ու ազգային պատասխանատւութիւն ցուցաբերել այս իրավիճակին մէջ:
•ազրպէյճանական բանտերուն մէջ կը խոշտանգուինք ու դատարաններուն մէջ կը դատապարտուինք մենք բոլորս՝ ի դէմս մեր պատանդառուած հայրենակիցներուն եւ ընկերներուն: Ուստի, անոնց իրաւունքներու պաշտպանութիւնն ու անյապաղ ազատ արձակումը մեր բոլորիս արժանապատւութեան ու բարոյական պարտաւորութիւններու հարցն է՝ անկախ ոեւէ անձի հանդէպ այս կամ այն վերաբերմունքէն:
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը իր ունեցած հնարաւորութիւններու ծիրէն ներս պաշտպանելու Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներն ու հաւաքական շահերը, որուն կարեւոր բաղադրիչներէն մէկն ալ գերեվարուած հայերուն անյապաղ վերադարձն է հայրենիք:
16 Յունուար, 2025 թ․