
Թշնամիի Դատարանին Մէջ Դատուողը Ոչ Միայն Պատանդառուածներն Են, Այլեւ Իւրաքանչիւր Հայ, Որ Կը Փափաքի Հայրենիք Ունենալ
Յայտարարութիւն.
Յունուար 17-ին պիտի մեկնարկէ ազրպէյճանի մէջ պահուող 23-էն 16 հայ պատանդներու, ներառեալ՝ Արցախի ռազմական եւ քաղաքական ղեկավարներու ապօրինի դատավարութիւնը։ Բոլորի համար պարզ է, որ այդ շինծու դատավարութեան հիմնական նպատակը քաղաքական է, որուն միջոցով ազրպէյճանի բռնակալ պետութիւնը պիտի փորձէ ճնշում բանեցնել Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ, վարկաբեկել Արցախի պետականութիւնը։
Դատավարութեան ապօրինի ընթացքը եւ մարդու տարրական իրաւունքներու խախտումն ու անտեսումը անվիճարկելի են։ Մեզի համար պարզ է, որ բազմաբնոյթ ճնշումներու ներքոյ կորզուած հաւանական ցուցմունքները չեն կրնար հանդիսանալ որեւէ փաստական հիմք՝ Արցախի պետականութիւնն ու անոր գոյութեան փաստը հարցականի տակ դնելու համար։
Յստակ է, որ թշնամիին կողմէ պատանդառուած գերիներն ու ռազմաքաղաքական ղեկավարները եղած են Արցախի պետականութեան պահապանն ու կերտողը։
2023 թուականի Սեպտեմբերի իրադարձութիւնները ապացուցեցին ռազմաքաղական ղեկավարներուն յանձնառու կեցուածքը Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան նկատմամբ։ Այդ արժանապատուօրէն իրացուած պատասխանատու կեցուածքը ապացուցուեցաւ մինչեւ վերջին պահը ժողովուրդի կողքին մնալով եւ անձնական ազատութիւնը ստորադասելով, որուն հետեւանքով անոնք յայտնուեցան պաքուի բանտին մէջ։
Արցախի պետականութիւնը հիմնուած է հայ ժողովուրդի կամքին թելադրանքով եւ հազարաւոր ազատատենչ հայորդիներու պայքարի ու արեան գնով։ Հետեւաբար, թշնամիի դատարանին մէջ դատուողը ոչ միայն պատանդառուածներն են, այլեւ իւրաքանչիւր հայ, որ կը փափաքի Հայրենիք ունենալ եւ ազատութեան համար մաքառիլ։
ՀՅԴ Արցախի ԿԿ
15 Յունուար, 2025թ․