Թեհրանի «Արասբարան» Մշակութային Համալիրին Մէջ՝ «Հայկական Երաժշտութեան Երեկոյ»

Սփիւռք

«ԱԼԻՔ»

Յունուար 7-ի երեկոյեան, իւրայատուկ միջոցառում կազմակերպուած էր Թեհրանի «Արասբարան» մշակութային համալիրին մէջ: «Հայկական երաժշտութեան երեկոյ» խորագրով միջոցառումը նախաձեռնուած էր «Բա թառանէ» պարբերաթերթի ծրագրերու շարանին մէջ: Օրուան հաղորդավար եւ «Բա թառանէ» պարբերաթերթի գլխաւոր խմբագիր Համիտ Նասեհին շնորհաւորելով Ամանորը անդրադարձաւ նման միջոցառումներու կարեւորութեան:

Երեկոյի ընթացքին մեծարուեցան Իրանի երաժշտական կեանքին, մասնաւորապէս իրանական էստրադային երաժշտական ոլորտին մէջ իրենց անմնացորդ դերը իրականացուցած հայ երաժիշտներ ու երաժշտական սարքերու ներմուծողներ: Հանգուցեալ Անտրէ Արզումանեանի, Վարուժան Հախբանդեանի եւ Վիգէն Տաւուտիի մեծարման ընդմիջով, օրուայ բանախօսներուն միջոցով մեծարուեցան բոլոր այն հայ արուեստագէտ երաժիշտները, որոնց անունները բազմիցս հնչեց երեկոյին ընթացքին:

Լեփ լեցուն դահլիճին մէջ, ուր ներկայ էին «ԱԼԻՔ» հաստատութենէն, ազգային մարմիններէն ու միութիւններէն ներկայացուցիչներ, իրանահայ անուանի երաժշտական վերլուծաբաններ, երաժշտագէտներ ու դիրիժորներ եւ Իրանի երաժշտական երկնակամարի ականաւոր դէմքեր, հրաւիրուեցան իրենց խօսքերը փոխանցելու: Արտայայտւեցան Թեհրանի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Իսակ Իւնանէսեանը, համալսարանի դասախօս, երաժշտագէտ դոկտ. Վարդան Սահակեանը, երաժիշտներ՝ Ֆերէյդուն Խոշնուդը, Միլադ Քիանին, Միրալի Նաղին եւ անուններ որոնցից իւրաքանչիւրը անդրադարձաւ Իրանի երաժշտական ոլորտում իրանահայութեան ներմուծումների մասին եւ պարբերաթերթի արտօնատէր Ազադէ Ռաբանին: Ապա երաժիշտ-դաշնակահար Արմէն Ասատրեանի ղեկավարած երաժշտական խմբի կատարումներով երգւեցին նշւած երաժիշտներից կտորներ: Ցուցադրւեց տեսաֆիլմ, որի ընթացքում անւանի երգիչ Արտուշը անդրադարձաւ օրւայ թեմային: Գնահատագրեր յանձնւեցին հանգուցեալ Անդրէ Արզումանեանի ընտանիքին, եւ «Փափ» ստուդիայի հիմնադիր տնօրէն եւ կոմպոզիտոր Վարուժան Հախբանդեանի ընկեր Վիգէն Դաւուդիին: Ընթացքում շնորհանդէսը կատարւեց «Բա Թարանէ» երաժշտական հանդէսի վերջին համարի, որը պարփակում էր հարցազրոյց անւանի երաժիշտ-երգիչ Արտաշէս Աւետեան՝ Արտուշի հետ: Վերջում նւագախումբը՝ երգիչ Ռոմիկ Ազիզեանի կատարմամբ հնչեցրեց Իսակ Իւնանէսեանի գրչին պատկանող եւ Արմէն Ասատրեանի երաժշտութեամբ՝ «Իմ Թեհրան» երգը: