
Աստուածապաւինութեամբ Կրնանք Յաղթահարել Հայրենիքի Առջեւ Ծառացած Մարտահրաւէրները․ Վեհափառ
Յունուար 8-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով հանդիպում ունեցաւ Մայր Աթոռի տարբեր կառոյցներու մէջ պաշտօնավարող աշխարհական աշխատակիցներու հետ:
Տէրունական աղօթքէն ետք Մայր Աթոռի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեան ներկաներուն անունով շնորհաւորեց Նորին Սրբութիւնը հոգենորոգ տօներուն առիթով եւ Հայոց Հօր փոխանցեց բոլորի սէրն ու նուիրումը:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնէութեան անունով Վեհափառ Հայրապետին շնորհաւորական խօսք ուղղեց նաեւ Վարչատնտեսական բաժնի փոխտնօրէն տիար Արմէն Ղազարեանը։
Այնուհետեւ ներկաներուն իր հայրապետական օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց Նորին Սրբութիւն Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:
Հայոց Հայրապետը, շնորհաւորելով Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, բարձրօրէն գնահատեց Մայր Աթոռի պաշտօնէութեան նախանձախնդիր ծառայութիւնն ու նուիրումը ի խնդիր Սուրբ Էջմիածնի առաքելութեան առաւել արդիւնաւորման ու զօրացման։ Այս առնչութեամբ՝ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ նաեւ անցնող տարուան ընթացքին Միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման՝ Հայ Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի կեանքին մէջ կարեւորագոյն իրադարձութիւններու կազմակերպման գործին մէջ Մայր Աթոռի աշխարհիկ պաշտօնէութեան անուրանալի ներդման։ Ամենայն Հայոց Հայրապետը յորդորեց Մայր Աթոռի աշխատակիցները զօրեղ կամքով, յոյսով եւ հաւատքով դիմակայելու առկայ բոլոր փորձութիւններն ու դժուարութիւնները՝ վստահութիւն յայտնելով նաեւ, որ մեր ժողովուրդի զաւակները աստուածապաւինութեամբ կրնան յաղթահարել հայրենիքի առջեւ ծառացած մարտահարւէրները։
Իր խօսքին մէջ Հայոց Հովուապետը ընդգծեց, որ Եկեղեցին հովուական, հոգեւոր-խնամատարական եւ հասարակական գործունէութեամբ իր կարելի ջանքերը կը ներդնէ ի նպաստ հայ ժողովուրդին բաժին հասած դժուարութիւններու յաղթահարման։
Հանդիպման աւարտին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռի աշխատակիցներուն մաղթեց Աստուծոյ օգնականութիւնն ու պահպանութիւնը՝ հայցելով Երկնաւորի օրհնութիւնն ու շնորհները անոնց ընտանիքներուն, որպէսզի ուրախութեան զգացումով կարենան ամբողջանուէր ծառայութիւն բերել Սուրբ Եկեղեցիին եւ Հայրենիքին։