Մայր Աթոռը Նպատակայարմար Չի Նկատեր Հանրայինի Եթերով Ամենայն Հայոց Հայրապետի Ուղերձին Հեռարձակումը

Հայաստան, Սփիւռք

Հանրային հեռուստաընկերութեան ամանորեայ հեռուստահաղորդումներու ծրագիրի ազդագիրէն յայտնի դարձաւ, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ամանորեայ ուղերձը կը նախատեսուի հեռարձակել Դեկտեմբեր 31-ին՝ ժամը 21:55-ին։

Հարկ կը համարենք նշելու, որ ուղերձի հեռարձակման առնչութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հանրային հ/ը միջեւ որեւէ քննարկում տեղի չէ ունեցած։ Հեռուստաընկերութիւնը կը շարունակէ շրջանցել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսներուն ամանորեայ ուղերձի հեռարձակման տասնամեակներու աւանդոյթը՝ անտեսելով Մայր Աթոռի դիրքորոշումն ու Հայոց Եկեղեցւոյ հայրենաբնակ եւ աշխարհասփիւռ հաւատացեալներու պահանջներն ու սպասումները։

Հեռուստաընկերութեան որդեգրած գործելաոճի պայմաններուն պատճառով՝ Մայր Աթոռը նպատակայարմար չի նկատեր Հանրայինի եթերով Ամենայն Հայոց Հայրապետի ուղերձին հեռարձակումը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ուղերձը մեզի հասանելի լրատուամիջոցներով կը հեռարձակուի Ամանորի գիշերը՝ նախընթաց տարիներուն աւանդոյթով սահմանուած ժամուն: