Եւրոպական Խորհրդարանը Ընդունած է ազրպէյճանը Դատապարտող Հերթական Բանաձևը՝ Պահանջելով Պատժամիջոցներու Կիրառում

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Դեկտեմբեր 19-ի լիագումար նիստին, 434 կողմ, 30 դէմ, 89 ձեռնպահ ձայներով Եւրոպական խորհրդարանը ընդունած է ազրպէյճանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան եւ անկախ լրատուամիջոցներու շարունակական ճնշման վերաբերեալ բանաձեւ։ Այս քուէարկութեան նախորդած էր Դեկտեմբեր 18-ին նոյն թեմայով խորհրդարանական քննարկումը:

Եւրոպական խորհրդարանի անդամները խստօրէն կը դատապարտեն ալիեւի վարչակարգին կողմէ մամուլի ազատութեան եւ այլախոհութեան ճնշումը՝ կոչ ընելով ԵՄ գործադիր իշխանութիւններուն նպատակաուղղուած պատժամիջոցներ սահմանելու ազրպէյճանի պաշտօնեաներուն դէմ, որոնք կը խախտեն մարդու իրաւունքները։ Խորհրարանը կ՝առաջարկէ նաեւ կասեցնել ուժանիւթի ոլորտին մէջ ռազմավարական գործընկերութեան մասին 2022թ․ փոխըմբռնման յուշագիրը։ Բանաձեւին համաձայն՝ խորհրդարանականները կը պնդեն, որ ազրպէյճանը պէտք է «անվերապահօրէն ազատ արձակէ քաղաքական դրդապատճառներով ձերբակալուած իրաւապաշտպանները, լրագրողները, քաղաքացիական եւ քաղաքական գործիչները, վերացնէ անոնց դէմ ուղղուած բոլոր մեղադրանքները»։

Եւրոպական խորհրդարանը խստօրէն դատապարտած է ազրպէյճանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան, անկախ լրատուամիջոցներու եւ քաղաքական ընդդիմութեան նկատմամբ շարունակուող ճնշումները։ Բանաձեւը կ՝ընդգծէ 2023 թուականէն ի վեր սրացող բռնաճնշումները, որոնք յատկապէս զօրացած են COP29 գագաթնաժողովին շուրջ եւ կոչ կ՝ընէ անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր քաղբանտարկեալները: Բանաձեւը նաեւ կ՝ընդգծէ բանտարկեալներու մարդու իրաւունքներու կանոնաւոր խախտումը՝ ներառեալ կալանքի անմարդկային պայմանները, խոշտանգումները եւ կին քաղբանտարկեալներու նկատմամբ նպատակաուղղուած ոտնձգութիւնները:

Կարեւոր․ Բանաձեւին մէջ կը յիշատակուին 23 հայ գերիներու ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի չճանչցուած հանրապետութեան նախկին ղեկավարները, կոչ կ՝ընէ անյապաղ ազատ արձակելու անոնց, երկրի բոլոր քաղբանտարկեալներուն հետ միասին։ Դեկտեմբեր 18-ի խորհրդարանական քննարկման ժամանակ քանի մը խորհրդարանականներ բարձրացուցած են հայ պատանդներու հարցը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայ բնակչութեան դէմ ուղղուած յարձակման եւ մարդու իրաւունքներու ոտնահարման քաղաքականութիւնը։ Այդ ծիրէն ներս պատգամաւոր Պերդ-Եան Ռուիսենը կարեւոր համարած է Եւրոխորհրդարանի «մօտեցման փոփոխութիւնը» եւ ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու ընդլայնումը, մասնաւորապես, յղում ընելով հայութեան բռնի արտաքսման։ Այլ խորհրդարանական մը՝ Մարինա Մեսուրէն յայտարարած է. «Մարդու իրաւունքները կանոնաւոր կերպով կ՝ոտնահարուին, ազրպէյճանը ամենավատ երկիրներէն մէկն է, երբ խօսքը կը վերաբերի մամուլի ազատութեան, Human Rights Watch-ը արձանագրած է խոշտանգումներու եւ նուաստացնող վերաբերմունքը բանտարկեալներու վերաբերեալ, որոնք կալանաւորուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գործողութիւններէն ետք»: Խորհրդարանականը դատապարտած է «հայ հարեւաններու վերաբերեալ բռնաճնշումներու քաղաքականութիւնը»։

Մեկնաբանելով բանաձեւը՝ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան նշած է. «Այս բանաձեւը կ՝ընդգծէ ԵՄ գործադիրին կողմէ համապարփակ եւ արդիւնաւէտ միջոցներ ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը՝ ալիեւի վարչակարգը ետ պահելու իր բռնաճնշումներու եւ անարդարութեան քաղաքականութենէն։ Ընդդիմադիր գործիչներու եւ լրագրողներու վերաբերեալ աճող բռնաճնշումները եւ անմարդկային պայմանները, որոնց մէջ քաղբանտարկեալները, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախկին ղեկավարները եւ այլ կեղծ գործերով բանտարկուած հայերը, կը ներկայացնեն Եւրոմիութեան հիմնարար սկզբունքներու եւ արժէքներու խախտում։ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը յանձնառու է ապահովելու, որ այս արժէքները պաշտպանուին, եւ մենք կը շարունակենք մեր գործողութիւններուն մէջ ընդգծել մամուլի ազատութեան, արդարադատութեան եւ մարդու իրաւունքներու միջազգային սկզբունքները մեր գործողութիւններուն մէջ»։  

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ

19 Դեկտեմբեր 2024թ․

Ամբողջական հոդվածը կարող եք կարդալ այս հասցեով՝ https://yerkir.am/hy/article/2024/12/19/284593