Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Միութեան Նախագահը Արցախի Մէջ ազրպէյճանի Գործողութիւնները Ցեղասպանութիւն Որակեց
«Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» 5-րդ միջազգային համաժողովի ծիրին մէջ, Armenpress.am-ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութեան նախագահ Մելանի Օ՛պրայըն հաստատեց, որ Արցախի մէջ ազրպէյճանի կողմէ կատարուած են ռազմական յանցագործութիւններ եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ, որոնք գործադրուած են խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ՝ համատարած կամ համակարգուած յարձակման շրջանակներու մէջ. «հայերը, անշուշտ, կրնան պնդել, որ ատիկա տեղի կ՛ունենար Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ»:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ կարելի՞ է արդեօք 2023 թուականի Սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ազրպէյճանի կողմէ կատարուած գործողութիւնները որակել իբրեւ ցեղասպանութիւն՝ Մելանի Օ՛պրայըն նկատել տուաւ, որ այն հիմնական միջազգային յանցագործութիւնները, որոնց մասին կը խօսուի՝ ռազմական յանցագործութիւններ, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ եւ ցեղասպանութիւն, բոլորն ալ տեղի ունեցած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տարբեր պարունակներու մէջ եւ երբեմն ալ տարբեր ժամանակներու:
Գալով Սեպտեմբեր 2023-ին, արցախահայութեան նկատմամբ ցեղային զտումներուն, ըստ անոր, ցեղային զտումներու իրաւական եզրոյթ գոյութիւն չունի: «Անիկա, իրականութեան մէջ, իբրեւ յանցագործութիւն, գոյութիւն չունի միջազգային քրէական դատարանի կանոնադրութեան կամ պայմանագիրին մէջ: Մեր հարցերէն մէկը այն է, թէ ինչպէ՛ս կրնանք զայն սահմանել, որպէսզի կարենանք դատական հետապնդում մը իրականացնել անոր նկատմամբ: Օրինակ, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին արտաքսումը կրնանք անուանել յանցագործութիւն մարդկութեան դէմ, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տար Միջազգային քրէական դատարանին իրաւասութիւն ունենալ այդ յանցագործութեան նկատմամբ, որովհետեւ ժողովուրդը Լեռնային Ղարաբաղէն պարզապէս փախուստի դիմած է դէպի Հայաստան: Ցեղասպանութեան մասին մտածելով՝ պէտք է նշել նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշարման ընթացքին տեղի ունեցածին մասին: Մենք կը խօսինք ուտելիքի բացակայութեան, առողջապահութեան եւ դեղորայքի բացակայութեան մասին: Ասոնք ցեղասպանութեան հիմնական յատկանիշներն են: Ասիկա ֆիզիքական ոչնչացման համար նախատեսուած պայմաններ ստեղծելու յանցագործութիւն է: Մենք տեսանք, թէ ինչպէ՛ս Լեռնային Ղարաբաղի քանի մը բնակիչներ մահացան սովի պայմաններու մէջ: Մենք, առնուազն, կրնանք ըսել, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, մինչեւ Սեպտեմբեր 2023, ցեղային զտում, ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է»,- յիշեցուց Օ՛պրայըն:
Ըստ անոր՝ այս փաստարկները կարելի է բերել, հակառակ անոր որ դժուար պիտի ըլլայ գտնել ձեւ մը, որով կարելի պիտի ըլլայ իրականութեան մէջ ոեւէ մէկը պատասխանատուութեան ենթարկել:
«Երբ կը խօսինք Լեռնային Ղարաբաղի ցեղասպանութեան մասին, կարեւոր է նաեւ մտածել աւելի մեծ պատկերին մասին: Իսկ աւելի մեծ պատկերը կը ներառէ Ատրպէյճանի դպրոցներու դասագիրքերը, որոնք լեցուած են հայերու դէմ ատելութեան խօսքով: Մենք նաեւ նկատած ենք, թէ ինչպէս կ՛ոչնչացուին հայկական մշակութային արժէքները՝ վանքերը, եկեղեցիները, խաչքարերը: Հակառակ անոր որ մշակութային ցեղասպանութեան յստակ յանցագործութիւն չկայ՝ այդուհանդերձ, այս բոլորը կը նպաստեն ցեղասպանութեան յանցագործութեան»,- նշեց Օ՛պրայըն:
Անդրադառնալով այն հանգամանքին, որ թուրքիա տակաւին կը մերժէ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ Օ՛պրայըն ըսաւ, որ անգարայի այս պատմութիւնը մնայուն է եւ կը շարունակէ պահպանուիլ:
«Աւելի լայն շրջագիծի մը մէջ մտածելով՝ նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան համար երբեք պատասխանատուութիւն չէ եղած՝ ըլլայ այդ քրէական դատարանին մէջ, թէ այլ գործիքակազմերով: Կը կարծեմ, թէ անիկա օրինակ մըն է, թէ ինչո՛ւ հաշուետուողականութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ հաշուետուողականութիւնը կրնայ օգնել դադրեցնելու ժխտումը: Կը կարծեմ, թէ այս հարցին մէջ նոյնպէս կարեւորը ճանաչումն է: Գիտենք, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է շարք մը կառավարութիւններու կողմէ, ներառեալ՝ Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի բազմաթիւ այլ երկիրներու: Բայց շատ ուրիշներ, ներառեալ իմ հայրենի երկիրը՝ Աւստրալիան, չեն ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Կը կարծեմ, թէ այդ չճանչնալը կը քաջալերէ թուրքիան՝ շարունակելու հերքել զայն: Առ այդ, ես կը խրախուսեմ բոլոր պետութիւնները՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ իբրեւ թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութեան ժխտման դէմ գործելու միջոց»,- ընդգծեց Օ՛պրայըն:
Անդրադառնալով ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գծով երկիրներու միջեւ համագործակցութեան կարեւորութեան՝ միութեան նախագահը նկատել տուաւ, որ կառավարութիւններու համագործակցութիւնը եւ պետութիւնները գործելու ստիպելը մեծագոյն մարտահրաւէրն է, որուն միջազգային հանրութիւնը կը բախի այս պահուն, մանաւանդ որ բազում են քաղաքական նկատառումներ:
«Օրինակ, մենք կը տեսնենք, որ Միացեալ Նահանգները կ՛աջակցի Միջազգային քրէական դատարանին կողմէ Վլատիմիր Փութինի կալանաւորման հրամանին, բայց կը դատապարտէ Միջազգային քրէական դատարանին՝ Բենիամին Նեթանիահոյի ձերբակալման հրամանը: Հարցը այն է, որ օրէնքները կան, մենք ունինք զանոնք, մենք ունինք ՄԱԿի, մենք ունինք Արդարադատութեան միջազգային դատարան, ունինք Միջազգային քրէական դատարան, ուստի ունինք այս գործիքակազմերը, բայց խօսքը այն մասին է, որ պետութիւնները պէտք է հետեւողական ըլլան միջազգային իրաւունքի պահպանման եւ իսկապէս ընեն այն, ինչ որ բարոյապէս ճիշդ է, օրինական է եւ թոյլ չտան, որ քաղաքական նկատառումները ըլլան գերակայ: Այդ մեծ հիասթափութիւն է»,- ըսաւ Օ՛պրայըն՝ խրախուսելով, որ պետութիւնները, կառավարութիւնները ճիշդ վարուին, երբ խօսքը կը վերաբերի միջազգային հարթակի վրայ գործողութիւններուն, որոնք կապուած են ռազմական գործողութիւններու եւ վայրագութիւններու կանխման ու դադարեցման:
Օ՛պրայըն նաեւ խօսք առաւ «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» 5-րդ միջազգային համաժողովին՝ շեշտելով, որ մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւնը պէտք է ճանչցուի, դատապարտուի եւ կանխարգիլուի միջազգային գործիքակազմերով: Ան յայտնեց, որ միջազգային արդարադատութիւն իրականացնող դատարանները պէտք է հետեւին գործընթաներուն, որովհետեւ խօսքը մէկ ցեղասպանութեան մասին չէ, որ տեղի կ՛ունենայ մէկ վայրի մէջ, այլ նաեւ զանգուածային ոճրագործութիւններու մասին է, որոնք տեղի կ՛ունենան բոլոր ժամանակներուն:
Ըստ անոր՝ շատեր կը կեդրոնանան զանգուածային սպանութիւններուն վրայ, սակայն «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը կը ներառէ ոչ միայն սպանութիւնները, այլ նաեւ այն յանցագործութիւնները, որոնք կը վերաբերին մարդոց նսեմացման ու զրկանքներուն, որոնք կրնան յանգեցնել զանգուածային սպանութիւններու:
«Դատական ատեանները, յատկապէս Արդարադատութեան միջազգային դատարանը կրնան տալ որոշումներ, որոնք պիտի կանխեն հետագայ զանգուածային ոճրագործութիւններն ու ցեղասպանութիւններու շարունակականութիւնն ու ընդլայնումը»,- ըսաւ ան՝ շեշտելով, որ անպատժելիութիւնը պատճառ դարձած է, որ այսօր նոր ցեղասպանութիւններ գործուին:
Ըստ Օ՛պրայընի՝ այն երկիրները, որոնք ստորագրած են Հռոմի կանոնադրութիւնը, պէտք է անվերապահօրէն կատարեն անոր բոլոր դրոյթները եւ իրենց տարածքներուն մէջ ձերբակալեն ու միջազգային արդարադատութեան յանձնեն պատերազմական յանցագործներն ու ցեղասպանական գործողութիւններ կատարած ոճրագործները, եւ այդպիսով իսկ կատարեն Միջազգային քրէական դատարանի շրջանակին մէջ իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները: Իբրեւ օրինակ Օ՛պրայըն վկայակոչեց Իսրայէլի վարչապետ Բենեամին Նեթանիահոյի եւ այդ երկրի պաշտպանութեան նախկին նախարարի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի նկատմամբ կայացուած վճիռները, սակայն ափսոսանքով նշեց, որ որոշ երկիրներ յայտարարած են զանոնք չձերբակալելու մասին, եթէ անոնք այցելեն այդ երկիրները, որ կը վկայէ ստանձնած պարտաւորութիւնները չկատարելու մասին:
«Ճնշման ընդհանուր գործիքակազմի բացակայութիւնը պատճառ կը դառնայ նոր ոճրագործութիւններու: Ցաւօք որոշ երկիրներ չեն հետեւած Ցեղասպանութեան մասին համաձայնագիրի դրոյթներուն, եւ անոնք միջազգային հանրութեան կողմէ չեն արժանացած որեւէ պարտադրանքի: Բոլոր երկիրները, որոնք մաս կը կազմեն միջազգային դատական համակարգին, պէտք է ճնշում գործադրեն այն պետութիւններուն վրայ, ուր ի գործ կը դրուին զանգուածային ոճրագործութիւններ՝ ստիպելով, որ այդ պետութիւնները հետեւին իրենց ստանձնած պարտաւորութիւններուն: Ցեղասպանութիւններու պարագային հաւասարապէս մեղաւոր են թէ՛ իրականացնողները, եւ թէ անոնց վրայ աչք փակողները: Համոզուած եմ, որ բոլորս միասին կրնանք ստեղծել դատական համակարգ եւ ուժեղ գործիքակազմեր, որոնք պիտի կանխեն ցեղասպանութիւնները»,- եզրափակեց Օ՛պրայըն: