
ԵՄ-ն 1,5 Միլիոն Եւրօ Դրամաշնորհ Փոխանցած է ՀՀ-ին՝ Արցախցիներու Կարիքներու Բաւարարման եւ Ընկերային-տնտեսական Ընդելուզման Նպատակով
«Հայաստանի Հանրապետութեան համար պետական եւ դիմակայունութեան կառուցման պայմանագիր» ելեւմտային աջակցութեան ծրագիրին ծիրէն ներս այս շաբաթ Եւրոպական Միութիւնը 1,5 միլիոն եւրօ դրամաշնորհ փոխանցած Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան՝ ի լրումն այս տարի Սեպտեմբերին յատկացուած 13,5 միլիոն եւրօ դրամաշնորհին: Այդ մասին կը յայտնեն ԵՄ հայաստանեան գրասենեակէն:
Ելեւմտային աջակցութեան այս ծրագիրը նախատեսուած է աջակցելու Հայաստանի կառավարութեան՝ Ղարաբաղի հայերու կարճաժամկէտ եւ միջնաժամկէտ կարիքներու բաւարարման, ինչպէս նաեւ անոնց երկարաժամկէտ ընկերային-տնտեսական ընդելուզման՝ ապահովելով ներգրաւուածութիւնը հայկական կրթական, հասարակական պաշտպանութեան ու առողջապահական համակարգերուն մէջ եւ աշխատաշուկային մէջ ընդելուզումը: