
Արցախեան Պատերազմի Մասին Պատմող «1489» Վաւերագրական Ֆիլմը Յաղթող Ճանչցուած է Հռոմի Վաւերագրական Ֆիլմերու Միջազգային Փառատօնին
Արցախեան պատերազմի մասին պատմող Շողակաթ Վարդանեանի «1489» վաւերագրական ֆիլմը յաղթող ճանչցուած է Հռոմի վաւերագրական ֆիլմերու միջազգային փառատօնին: Այս մասին կը հաղորդէ abcmedia.am-ը։
«Ասիկա յատկապէս պատիւ է, քանի որ ժիւրիի նախագահը Սերգէյ Լոզնիցան է։ Իսկապէս մեծ պատիւ է, եւ ասիկա մեծ պատասխանատւութիւն է»,- հասարակական ցանցի վրայ գրած է Շողակաթ Վարդանեան:
Նախապէս յայտնի դարձած էր, որ հայկական
շարժանկարի ազգային ակադեմիան «1489»-ը չի ներկայացներ «Օսգար»-ի, հակառակ անոր, որ ֆիլմը 2023-ին արժանացած է Ամսթերտամի վաւերագրական ֆիլմերու միջազգային փառատօնի (IDFA) գլխաւոր մրցանակին: