Սառոյցի Վրայ Պար. Ատելիա Պետրոսեան Գրաւեց Առաջին Դիրքը

Աշխարհ, Սփիւռք

Շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ սառոյցի վրայ պարի «կրան փրի»ի 5-րդ եւ վերջին հանգրուանը, որուն աւարտին յստակացան գեղասահորդներուն անունները, որոնք պիտի մասնակցին Ռուսիոյ «կրան փրի»ի աւարտականին:

5-րդ հանգրուանին առաջին դիրքը գրաւեց Ալինա Կորպաչովա: Հինգ հանգրուաններու ընդհանուր դասաւորման մէջ Ատելիա Պետրոսեան 36 կէտ հաւաքելով գրաւեց պարագլուխի դիրքը: Ան 5 հանգրուաններէն 2-ին յաղթած էր:

2024-2025 տարեշրջանի Ռուսիոյ կրան փրիի աւարտականը տեղի պիտի ունենայ Կրասնոյարսք քաղաքին մէջ, 13-16 Փետրուար 2025-ին:

«ԱԶԴԱԿ»