
«Եւրոպացիները Յանուն Արցախի» Հարթակը Քննարկած է Արցախահայութեան Վերադարձի Իրաւունքի Իրացման Ուղղութեամբ Աշխատանքներուն Ընթացքը
«Եւրոպացիները յանուն Արցախի» հարթակը Նոյեմբեր 21-ին գումարած է առցանց հանդիպում՝ Անգլիոյ, Գերմանիոյ, Կիպրոսի, Հոլանտայի, Չեխիոյ, Պելճիքայի, Զուիցերիոյ, Շուէտի, Դանիոյ, Պուլկարիոյ եւ Ֆրանսայի հայ համայնքներու ներկայացուցչական մարմիններու պատասխանատուներուն եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի անձնակազմին մասնակցութեամբ։ Յարգելի պատճառներով հանդիպման չեն մասնակցած Յունաստանի, Ռումանիոյ եւ Փորթուկալիոյ ներկայացուցիչները։ Քննարկման մասնակցած են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովին կողմէ ստեղծուած Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբի համակարգող, ՀՀ նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանը եւ յանձնախումբի անդամ Արմինէ Ալեքսանեանը։
Ներկայացնելով յանձնախումբին նպատակը եւ գործունէութիւնը՝ Վ․ Օսկանեանը նշած է, որ յանձնախումբին գլխաւոր օրակարգը միջազգային պաշտպանութեան երաշխիքներով արցախահայութեան հաւաքական հայրենադարձութեան իրաւունքի հետապնդումն է միջազգային հարթակներու վրայ։
Մասնակիցները, իբրեւ օրուան հրամայական շեշտած են այդ խնդրի՝ բոլոր առումներով բարձրացումն ու հետապնդումը, որովհետեւ անիկա ոչ միայն արդար իրաւունքի իրացման խնդիր է, այլ նաեւ միջազգային իրաւունքի պարտադիր չափանիշ, որուն վերաբերեալ արդէն իսկ գոյութիւն ունի միջազգային լայն արձագանգ, Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշում եւ բազմաթիւ երկիրներու եւ կազմակերպութիւններու յայտարարութիւններ։
Կարեւոր համարուած է վերադարձի իրաւունքի իրացման համար էական նշանակութիւն ունեցող՝ Արցախի պատմամշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը։
Քննարկման ընթացքին կարեւոր համարուած է նաեւ վերադարձի իրաւունքի իրացման գործին մէջ համահայկական ուժերու զօրաշարժին անհրաժեշտութիւնը, անդրադարձ եղած է ներկայիս Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ այս հարցի հետապնդման բացակայութեան։
Ժողովին մասնակիցները նաեւ զեկուցած են իրենց երկիրներուն մէջ ի նպաստ Արցախի խնդրի կատարուած աշխատանքները։
Քննարկման իբրեւ արդիւնք որոշուած է յառաջիկայ նիստը նոյնպէս գումարել արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի իրագործման աշխատանքներուն օրակարգով՝ քննարկելու շրջաններէն ստացուած առաջարկները։ Որոշուած է նաեւ մշտական կապ պահել Վարդան Օսկանեանի եւ յանձնախումբի այլ անդամներու հետ՝ փոխադարձ իրազեկելու կատարուող աշխատանքներուն մասին եւ, ըստ անհրաժեշտութեան, համադրելու նախաձեռնութիւնները։
Եւրոպացիները յանուն Արցախի հարթակ
Պրիւքսէլ
27 Նոյեմբեր 2024թ․