ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպեցան Հայաստանի Լրատուամիջոցներու Հետ

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 11-րդ խորհրդաժողովին մասնակցելու համար Երեւան ժամանած ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ շրջաններու պատասխանատուներու ներկայութենէն օգտուելով, Ուրբաթ, 15 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7-ին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հանրային կապերու մարմինը ծանօթացման հանդիպում-ընդունելութիւն մը կազմակերպեց հայրենի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու համար։

Հանդիպումը նպատակադրեց 106-ամեայ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը եւ անոր 35-ամեայ հայաստանեան կազմակերպութիւնը՝ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ը մօտէն ծանօթացնել հայրենի բանաւոր, գրաւոր թէ ելեկտրոնային մամուլին եւ փոխադարձ կապեր հաստատել ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքի անդամներուն եւ մամլոյ ներկայացուցիչներուն միջեւ։

Հանդիպում-ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ «Քոնկրես» պանդոկին մէջ, ներկայութեամբ 15 լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներու եւ միջդիւանական 11-րդ խորհրդաժողովին մասնակցողներու։

Հանդիպումին կազմակերպիչ մարմինին կողմէ ներկաները ողջունեց եւ կարճ տեսանիւթով մը ՀՄԸՄ-ի հանրային կապերու համակարգը ներկայացուց Նժդեհ Մկրտիչեան։ Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ սովորականէն տարբեր հաւաք մըն է այս մէկը, որովհետեւ այստեղ հաւաքուած՝ ոչ-աշխատանքային հանդիպում մը կ՛իրականացնեն՝ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան նպատակները եւ առաքելութեան գլխաւոր առաջադրանքները ներկայացնելու համար։ Հանդիպումը առիթ մըն է՝ 106-ամեայ այս միութեան զանազան շրջաններու աշխատանքները ծանօթացնելու եւ գործակցութեան կապեր հաստատելու։

Ապա, խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Արթիւր Մկրտչեան։ Ան ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի մէջ վերընձիւղման պատմականը՝ շեշտելով, որ ՀՄԸՄ-ը Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան օրերուն ունեցաւ կարճատեւ սակայն երախտաշատ գործունէութիւն մը, ապա՝ 70 տարիներու տարագրութենէն ետք, անիկա հայրենիքի մէջ վերընձիւղուեցաւ 2 Դեկտեմբեր 1989-ին, երբ տակաւին Հայաստան անկախ չէր։ Այսօր, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ը 35 տարեկան է:

Մկրտչեան յիշեցուց, որ 1996-էն ի վեր, իբրեւ Հայաստանի Ազգային Սկաուտական կազմակերպութիւն (ՀԱՍԿ)՝ ՀՄԸՄ-ը հայրենի սկաուտութիւնը կը ներկայացնէ Համաշխարհային սկաուտական շարժումին մօտ։

Մկրտչեան նշեց, որ իբրեւ սկաուտական շարժում, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ը կը նպատակադրէ պատրաստել կիրթ, ազնիւ, բնապահպան, ազգասէր ու հայրենասէր սերունդ մը, որ ըլլայ տէր եւ պահապան մարդկային արժանիքներու եւ ազգային արժէքներու։

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը եւ պատմական երթը ծանօթացնող տեսանիւթ մը։

Հանդիպում-ընդունելութեան վերջին խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ հանրային կապերու պատասխանատու Վիգէն Աւագեան։ Ան անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի եզակի միութիւն մը ըլլալու հանգամանքին՝ դիտել տալով, որ՝

ա. ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան վրայ արեւը մար չի մտներ։ Անիկա կը գործէ աշխարհի հինգ ցամաքամասերու 26 երկիրներու 115 քաղաքներու մէջ։

 բ. Ունի 106 տարիներու պատմութիւն եւ աւանդ։ Նորանկախ Հայաստանի հնագոյն պատանեկան-երիտասարդական միութիւնն է, որ հիմնուած է նախքան անկախութեան հռչակումը եւ այսօր 35 տարիներէ ի վեր ունի անընդմէջ գործունէութիւն։

 գ. Ունի տարբեր միջավայրերու մէջ գործելու փորձառութիւն (Պոլսոյ թաղերէն Գիւմրիի որբանոցները, սփիւռքեան հիւղաւաններէն արեւմտեան հսկայական քաղաքներ, հասնելու համար մայրաքաղաքներ Ստեփանակերտ, Երեւան, Թիֆլիս, Մոսկուա եւ այլուր)։

 դ. Ունի կամաւոր սկզբունքով գործելու իւրայատկութիւն մը։

 ե. Ունի երեք ճիւղերով՝ սկաուտական, մարզական եւ վարչական աշխատանքներու ճամբով սերունդներ կերտելու առաքելութիւն։

 զ. Ունի միջազգային ճանաչում (Համաշխարհային սկաուտական շարժումին մօտ)  եւ մեծ վարկ ու հեղինակութիւն (գործող երկիրներու սկաուտական եւ մարզական դաշնակցութիւններուն եւ տեղական շրջանակներուն մօտ)։

Ապա, իր խօսքը ներկայ հիւրերուն ուղղելով՝ Աւագեան յայտնեց, որ ՀՄԸՄ-ը եւ զանգուածային լրատուամիջոցներ նոյն գործը կը կատարեն տարբեր միջոցներով։ Երկուքն ալ կը զբաղին քաղաքացիական դաստիարակութիւն ջամբելու եւ գիտակցական մտածողութիւն կերտելու աշխատանքով։ Երկունքն ալ սերունդներ եւ միտք կը պատրաստեն, հետեւաբար, ան կենսական նկատեց երկուքին գործակցութիւնը, մէկ կողմէ ՀՄԸՄ-ի աշխատանքները արձագանգելու կարելիութիւնները ընդլայնելու, իսկ միւս կողմէ լրատուամիջոցներու աշխատանքին շահագրգռութեան ծիրը ընդարձակելու եւ ՀՄԸՄ-ի համակիր լայն զանգուածին հասնելու համար։

Խօսքերուն յաջորդեց ընդունելութիւն-հիւրասիրութիւն եւ զրոյց՝ ներկայ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն եւ ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուներուն միջեւ։

Հիւրերը հանդիպումէն մեկնեցան ՀՄԸՄ-ի հանրային կապերու մարմինին կողմէ տրամադրուած նուէրներով (ՀՄԸՄ-ի թանգարանին ալպոմ-յուշամատեանը, «ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան մասին յաճախ հարցուող հարցում-պատասխաններու պռոշիւրներ եւ յատուկ «Եու.Էս.Պի.»ներ, որոնք կ՛ընդգրկեն ՀՄԸՄ-ական գրականութեան, պատմութեան գիրքերու, միութեան «Մարզիկ»պաշտօնաթերթի PDF օրինակներ, տեսանիւթեր եւ ՀՄԸՄ-ը հանրութեան ներկայացնելու համար անհրաժեշտ նիւթեր)։