
«Կարիերայի Նոր Հնարաւորութիւններ եւ Հեռանկարներ» Խորագիրով Տօնավաճառ Արցախցիներու Համար
Նոյեմբեր 21-ին «Արմենիա Մարիոթ» հիւրանոցին մէջ պիտի իրականացուի «Կարիերայի նոր հնարաւորութիւններ եւ հեռանկարներ» խորագիրով կարիերայի (ասպարէզի, ԵՌԱԳՈՅՆ) առաջին տօնավաճառը, որ կը կազմակերպուի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութչան (ՀԲԸՄ) «Սովորի՛ր եւ վաստակի՛ր․ Արցախ» ծրագիրին ծիրէն ներս, Երեւանի պետական համալսարանի եւ Եւրասիա միջազգային համալսարանի գործակցութեամբ։
Ձեռնարկին հիմնական նպատակն է աջակցիլ Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներու ընկերային-տնտեսական ընդելուզման ՀՀ-ի մէջ՝ նպաստելով աշխատաշուկային մէջ անոնց մրցունակութեան բարձրացման ու զբաղուածութեան խնդիրներու լուծման։
Տօնավաճառին ծիրէն ներս պիտի կազմակերպուին հանդիպումներ 40-է աւելի առաջնակարգ կազմակերպութիւններու եւ աշխատանք փնտռողներու միջեւ, պիտի իրականացուին աշխատանք գտնելու հմտութիւններու զարգացման միտուած կրթական ձեռնարկներ եւ կլոր սեղան-քննարկումներ առկայ խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու շուրջ։