Ամերիկացի Ծերակուտականները պաքուի Մէջ Յայտարարած են, որ Կը Սատարեն Հայաստանին եւ Կը Պաշտպանեն Հայերու՝ ԼՂ Վերադառնալու Իրաւունքը

Աշխարհ, Հայաստան

ԱՄՆ Քոնկրեսի ծերակուտականներ Էտուըրտ Մարքին եւ Շելտոն Ուայթհաուսը պաքուի մէջ COP29-ի ծիրէն ներս տեղի ունեցած ճեպազրոյցին ժամանակ իրենց սատարումը յայտնած են Հայաստանին եւ պաշտպանած են Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած հայերու վերադարձին իրաւունքը։

Մասնաւորապէս ծերակուտական Էտուարտ Մարքին կոչ ըրած է ազատ արձակելու ազրպէյճանի մէջ պահուող քաղբանտարկեալները եւ հաստատած է Լեռնային Ղարաբաղի հայերու վերադարձին իրաւունքը:

«Մենք կը կարծենք, որ քաղբանտարկեալները պէտք է ազատ արձակուին եւ պէտք է պահպանուի հայերու Լեռնային Ղարաբաղ վերադառնալու իրաւունքը»,- ըսած է ամերիկացի ծերակուտականը։

Իր հերթին, Շելտոն Ուայթհաուս նշած է, որ իրենք կը սատարեն Հայաստանին։

«Ծերակուտական Մարքին եւ ես կը սատարենք Հայաստանին: Մենք անչափ կը ցաւինք, որ տեղի ունեցած է այդքան մեծաթիւ հայերու տեղահանում: Ես, մեղմ խօսքով, հեռու եմ այն համոզմունքէն, որ հայերն են մեղաւոր կատարուածին համար»,- նշած է Ուայթհաուս: