
# COP29 Նշանաբանով Ընթացք Առած է Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական եւՊատանեկան Միութեանց Քարոզարշաւը
«Վայրկեան մը ունի՞ս։
Խօսինք ազրպէյճանի մասին…»
պաքուի մէջ ընթացք առած է Մ.Ա.Կ.-ի կենսոլորտի փոփոխութեան COP29 խորհրդաժողովը, ուր կը մասնակցին մեծ թիւով երկիրներու ներկայացուցիչներ։ Շուրջ ամիս մըն է, որ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբերը, գլխաւորութեամբ Եւրոպայի եւ Ա.Մ.Ն.-ի Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի գրասենեակներուն, աշխատանքի լծուած են՝ աշխարհն ու պետութիւնները իրազեկելու համար, թէ ի՛նչ կը նշանակէ այս կազմակերպումը ազրպէյճանի համար, որ հայութեան դէմ իր ոճիրները իրագործելէ ետք, կը փորձէ ճերմկցուած երես մը ցոյց տալ աշխարհին։
Անշուշտ, քիչ չեն պաքուի խայտառակութիւնները որ լոյս աշխարհ կուգան հետզհետէ, բացայայտելով այս երկրի կաշառակեր ու ծախուած մեթոտները։
Քարոզչական այս գործընթացին իրենց քայլերը միացուցին Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութիւնները, որոնք վիտէօ երիզներ պատրաստելով, յոյն հանրութեան կը բացայայտեն ազրպէյճանի հակահայ քաղաքականութիւնը, արցախահայութեան էթնիկ զտման առաջնորդած հետեւողական գործընթացը, արցախահայ գերիներու ապօրինի բանտարկութիւնները, ինչպէս եւ նոյնինքն ազրպէյճանի ժողովուրդին եւ լրագրական կամ ակտիվիստական շրջանակներուն դէմ շղթայազերծուած բռնարարքները։
Երկու յունալեզու երիզները հանրութեան հրամցուած են ընկերային ցանցերուն միջոցաւ, «Վայրկեան մը ունի՞ս։ Խօսինք ազրպէյճանի մասին…» նշանաբանով, եւ մեծ ուշադրութիւն հրաւիրելով յոյն քաղաքացիներուն կողմէ, որոնք իրենց նշումներով եւս տեսակէտներ կը յայտնեն ազրպէյճանի դէմ։
Հանդիսատեսներու մեծ թիւը՝ յոյն ժողովուրդի հետաքրքրութիւնը ցոյց կուտայ այս թեմային նկատմամբ։ Աւելցնենք, թէ շաբթուան բոլոր ընթացքին, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութիւնները ընկերային ցանցերուն միջոցաւ յառաջ կը քշեն նաեւ հետեւեալ նշանախօսքերը.
#COP29,
#StopGreenwashingGenocide,
#COP29Exposed,
#FreeArmenianHostages