Հովուական Այցելութիւն Տիգրանակերտի Եւ Խարբերդի Համայնքներուն

Էրկիր, Սփիւռք

Պոլսոյ հայոց Սահակ Բ. պատրիարք հօր օրհնութեամբ, Հաթայի (Ալեքսանտրեթ, Հայաշէն) եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի տեսուչ Աւետիս քհնյ. Թապաշեան 2 Նոյեմբերին մեկնեցաւ Տիգրանակերտ:

Տէր հայրը Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց պատարագ մը եւ քարոզեց։

Արարողութեան մասնակցեցան տեղւոյն փոքրաթիւ հայ համայնքի անդամները:


3 Նոյեմբերին, տէր հայրը այցելեց Խարբերդ, ուր տեղւոյն գերեզմանատան Ս. Նշան մատուռին մէջ մատուցեց պատարագ մը։

Խարբերդի Ս. Նշան մատուռին մէջ

Արարողութեան մասնակցեցան տեղւոյն փոքրաթիւ հայ համայնքի անդամները եւ Ֆրանսայէն հիւրաբար Խարբերդ գտնուող հաւատացեալներ:

Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք, տէր հայրը զրուցեց ներկաներուն հետ:

Տիգրանակերտի եւ Խարբերդի հայերը շնորհակալութիւն յայտնեցին պատրիարք հօր, որ բարի եղաւ ուղարկելու տէր հայրը, որ իր կարգին հոգեւոր արարողութիւններով եւ քարոզով մխիթարեց զիրենք։

Թղթակցութիւնը՝ պատրիարքարանէն