ազրպէյճանի Վարչակարգը Ցեղային Զտման Ենթարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հայ Բնակչութիւնը. Freedom House

Աշխարհ, Հայաստան

Ահաբեկում, մեկուսացում, բռնութիւն. այս երեք բառով կը բացատրուի, թէ այսօր ինչո՛ւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այլեւս հայեր չկան: Freedom House-ը եւ 6 այլ կազմակերպութիւններ յստակ օրինակներով ու մանրամասն վերլուծութեամբ պատրաստած են 130 էջնոց զեկոյց մը, որ 11 Նոյեմբերին ներկայացուեցաւ Երեւանի մէջ` պաքուի մէջ ընթացող COP-29-ին զուգահեռ:

Միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան մասնակցողները կ՛ընդգծեն, որ ազրպէյճանի վարչակարգը ցեղային զտումի ենթարկած է Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը, իշխանութիւնները միտումնաւոր կերպով արշաւ իրականացուցած են Լեռնային Ղարաբաղը հայերէ դատարկելու համար:

«Ասիկա, ըստ երեւոյթին, առաջին միջազգային փորձն է` կատարելու փաստահաւաք աշխատանք, հաւաքելու վկայութիւններ, կատարելու իրաւական վերլուծութիւն` ներկայացնելու այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ:
Freedom House-ը եւ մեր միջազգային ու տեղական գործընկերները փաստագրած են նախորդ չորս տարիներուն ազրպէյճանական պետութեան կողմէն իրականացուած, թիրախաւորուած ու համակարգուած քաղաքականութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հայերու նկատմամբ», դիտել տուաւ Հայաստանի մէջ
Freedom House-ի իրաւապաշտպան կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Անդրանիկ Շիրինեան:

Ան յայտնեց, որ փաստահաւաք զեկոյցը մէկ տարուան ընթացքին պատրաստուած է` պատերազմ, շրջափակում, տեղահանութիւն… յաջորդաբար ներկայացուած է, թէ ինչպէ՛ս պաքու իրականացուց իր ծրագիրը:

Ըստ մասնակցողներէն Ժողովրդավարութեան զարգացման հիմնարկի ներկայացուցիչ Ալեն Շադունցի, տեղահանուած արցախցիներուն հետ առաւել քան 300 մանրակրկիտ հարցազրոյցներ աւելի քան բաւարար էին` ցոյց տալու աղէտին տարողութիւնը: «Հելսինքեան քաղաքացիական համախմբում»-ի Վանաձորի գրասենեակի ներկայացուցիչ Վարդինէ Գրիգորեան շեշտեց, որ զրուցակիցներուն մեծ մասը չէր հաւատար, որ պատմութիւնը այս բեմագրութեամբ պիտի ընթանար` նկատի ունենալով ռուս խաղաղապահներու գործօնը:

«Մենք նաեւ իրականացուցած ենք ազատ աղբիւրներու տուեալներու հաւաքագրում, որ համադրած ենք արբանեակներէն ստացած լուսանկարներուն հետ, նոյն ժամանակամիջոցին մենք նաեւ հետեւած ենք ազրպէյճանական կողմի հռետորաբանութեան, որպէսզի ցոյց տանք, թէ հոն ի գործ դրուած քաղաքականութիւնը ինչպէ՛ս կը համադրուի ատելութեան խօսքի, դաւադրապաշտական տեսութիւններու հետ»,- յայտնեց Շադունց:

«Կը փորձէինք հասկնալ` արդեօք որեւէ փորձ եղա՞ծ է վերադառնալու այն տարածքները, նոյնիսկ` ժամանակաւոր կերպով, որոնք կը գտնուին ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ, կ՛ըսուէր` նոյնիսկ երբ փորձած են գերեզմաններ այցելել կամ այլ տարբեր միջոցներ, այդ պարագային առաջին կանխարգելումը եղած է ռուս խաղաղապահներուն կողմէ, որոնք ըսած են, թէ իրենք չեն կրնար ապահովել անվտանգութիւնը: Փաստօրէն մարդիկ որեւէ կարելիութիւն չեն ունեցած վերադարձի. ասոր զուգահեռ, մենք կը տեսնենք ազրպէյճանական հռետորաբանութիւնը, որուն ճամբով անոնք կ՛ըսէին, որ կրնան կամ կը փորձեն ապագային իբր թէ ապահովել վերահամարկումը»,- իր կարգին ըսաւ Վարդինէ Գրիգորեան:

Զեկոյցի համահեղինակ «Միջազգային գործընկերութիւնը յանուն մարդու իրաւունքներու» կազմակերպութեան Հարաւային Կովկասի հարցերու գծով տնօրէն Սիմոն Փափուաշվիլի Պրիւքսելէն ուղիղ կապով միանալով` Երեւանին յայտնեց, որ յաջորդ քայլը ձեռք բերուած ապացոյցներու ծրարներու հիման վրայ դիմելն է Միջազգային քրէական դատարան` յանցագործները պատասխանատուութեան ենթարկելու պահանջով:

Ըստ Արցախի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանի, թերեւս ասիկա կը հանդիսանայ այն անկախ զեկոյցը, որ Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան դիւանագէտները կ՛ակնկալէին ստանալ` հասկնալու համար, թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ Արցախի մէջ: Կա՞յ արդեօք պատկերացում, թէ ի՛նչ արձագանգ պէտք է սպասել Ուաշինկթընէն:

«Թէ մինչեւ յունուար ի՞նչ պիտի ըլլար արտաքին գործոց նախարարութեան արձագանգը, ատիկա նախարարութեան, որոնց կարգին թերեւս Ճէյմզ Օ՛Պրայընը պիտի ըսէ, թէ բան մը յայտարարած են, սակայն արդէն նոր իշխանութիւնները պէտք է որոշեն»,- ըսաւ Բեգլարեան:

«Միակ բանը, որ կրնամ ըսել այն է, թէ իրենք նաեւ կը սպասեն ամբողջական զեկոյցի հրապարակման` իրենց եզրակացութիւնները տալու համար», ըսաւ Հայաստանի մէջ Freedom House-ի ներկայացուցիչը:

«Ամէն ինչի մասին խօսուեցաւ` բացի Հայաստանի կառավարութեան դերակատարութենէն, պատասխանատուութեան բացակայութենէն»,- զեկոյցին մասին ըսաւ Հադրութէն տեղահանուած Մարգարիտա Քարամեան:

Փաստահաւաք ուսումնասիրութեան համահեղինակ «Իրաւունքներու պաշտպանութիւն առանց սահմաններու» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Արաքս Մելքոնեան յայտնեց, որ զեկոյցին մէջ կառավարութեան առաջարկներ ներկայացուած են: «Մենք մեզ խաբելով` ոչ մէկ տեղ կը հասնինք: Այստեղ շատ կարեւոր է նաեւ որոշակի հանրային պահանջը»,- ըսաւ Մելքոնեան:

Արցախի մէջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններուն մասին փաստահաւաք զեկոյցը անգլերէնով է, թիրախը` միջազգային հանրութիւնը: