
Եւրոպական Խորհրդարանի 52 Պատգամաւոր Հայ Գերիներու Ազատ Արձակում Կը Պահանջեն
Վերջին շրջանին ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներուն մէջ իրականացուցած էին ծաւալուն աշխատանքներ, որոնք COP 29-ին ընդառաջ, միտուած էին բարձրացնելու անոնց իրազեկուածութիւնը ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու եւ բնապահպանական խնդիրներու վերաբերեալ։ Կատարուած աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք Եւրոպական խորհրդարանի 52 պատգամաւոր ստորագրած են յայտարարութիւն, որմով ազրպէյճանին կոչ կ՝ընեն անյապաղ ազատ արձակելու հայ ռազմագերիները, երաշխաւորելու Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը, ազրպէյճանական զինուժը դուրս բերելու ՀՀ տարածքներէն։
Յայտարարութիւնը ստորագրած պատգամաւորները կը ներկայացնեն Եւրոպական խորհրդարանի հիմնական քաղաքական խումբերը, կան նաեւ անկախ պատգամաւորներ։
Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներուն կողմէ ընդունուած յայտարարութեան առիթով ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան նկատած է․
«Եւրոպական Խորհրդարանի անդամներուն այս կոչը յստակ ազդանշան է՝ ուղղուած թէ՛ ազրպէյճանին, թէ՛ ԵՄ ղեկավարութեան COP29-էն անմիջապէս առաջ։ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը շարունակաբար կ՝աշխատի խորհրդարանի անդամներու հետ՝ յայտարարութեան մէջ ընդգրկուած հարցերուն վերաբերեալ, եւ մենք երախտապարտ ենք անոնց, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհրդարանին առհասարակ՝ արդարութեան ձայնը ըլլալու համար։ Աւելորդ է ըսել, որ Հայ Դատի գրասենեակը, իբրեւ եւրոպական համայնքային կազմակերպութիւն, կը շարունակէ աշխատիլ, որպէսզի հաշուետուողականութեան եւ ազդեցիկ քայլերու մղէ ԵՄ գործադիր իշխանութիւնները։
Յայտարարութեան հայերէն թարգմանութիւնը.
Յայտարարութիւն պաքուի մէջ կայանալիք COP 29-ին ընդառաջ
2024 թ. Նոյեմբերին ազրպէյճանի մէջ կայանալիք COP29 համաժողովին ընդառաջ մենք կ՝ուզենք ընդգծել, որ բացի կլիմայի վերաբերեալ ազդեցիկ եւ նշանակալից համաժողով ըլլալէ, անիկա նաեւ կը ներառէ հաւատարմութիւն արդարութեան եւ մարդկային արժանապատւութեան սկզբունքներուն: Ուստի ընդունող երկրի, այս պարագային՝ ազրպէյճանի համար պէտք է առաջնահերթ նշանակութիւն ըլլայ հաւատարմութիւնը այս սկզբունքներուն:
Համաձայն Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ 2021 թ․ Մայիսին ընդունուած համապատասխան բանաձեւերուն եւ զեկոյցներուն՝ մենք ազրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ՝ընենք.
- Անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակելու պաքուի մէջ պահուող բոլոր հայ ռազմագերիները, պատանդները եւ գերիները, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը:
- Ապահովել, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը, ներառեալ վանքերը, խաչքարերը, մնան անձեռնմխելի եւ զերծ «ալպանացումէ», ինչպէս նաեւ պատմութեան վերախմբագրումէ:
- Ձեռնպահ մնալ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ սպառնալիքներէ եւ ցանկացած յարձակումէ, դուրս հանել ազրպէյճանական զինուժը Հայաստանի Հանրապետութեան գրաւուած տարածքներէն։
Աւելին, մենք ԵՄ խորհուրդին, Յանձնաժողովին, ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչին կոչ կ՝ընենք հաշուի առնելու Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ ընդունուած վերոյիշեալ բանաձեւերը եւ գործել անոնց ոգիին համապատասխան։